Որոնել

Էնիօ Մոռիքոնէ Էնիօ Մոռիքոնէ 

91 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց շարժանկարի աշխարհահռչակ երգահան Էնիօ Մորիքոնէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ, Էնէօ Մորիքոնէն պատուուած է Քահանայապետական ոսկեայ մետալով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 6 յուլիսին, վաղ առաւօտուն, Հռոմի մէջ, 91 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց երաժշտագէտ, երաժշտահան, շարժանկարի շարքերուն երգահան Էնիօ Մորիքոնէն։ Ան կը գտնուէր հիւանդանոցի մը մէջ՝ անկումի մը պատճառաւ։

Ունկնդրէ լուրը

«Էնիօ Մոռիքոնէ այս աշխարհէն հրաժեշտ առաւ արեւածագին ,հաւատքի մեծ մխիթարութեամբ։» Այս մասին յայտնեց Երգահան Մորիքոնէին փաստաբան եւ մտերիմ բարեկամ տիար Ճորճիօ Ասսումա հրապարակելով յայտարութիւն մը։

«Էնիօ Մոռիքոնէ իր կեանքի մինչեւ վերջին պահը  արթուն էր եւ  պահած էր իր արժանապատուութիւնը։ Ան ողջունեց իր շատ սիրելի կողակիցը՝ Մարիան, որ զինք ընկերացած էր  իր կեանքի մինչեւ վերջին շունչը ՝ըլլայ արուեստի ըլալյ մարդկային ասպարէզներէն ներս։ Մոռիքոնէի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ոչ հրապարակային ձեւով  ի յարգանք անոր համեստ նկարագիրին, որ միշտ ներշնչած է իր աշխատասիրութիւնները։ Ըսաւ երգահան Մոռիքոնէի փաստաբանը։

Նշենք, թէ Էնիօ Մոռիքոնէն յօրինած է աւելի քան 500 Ֆիլմերու երաժշտութիւններ, որոնց շարքին «Միսիոն» եւ Նիւ «Փարատայզ Ֆիլմերը։

2019ին, Ան արժանացած է  ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ քահանայապետական ոտկեայ մետալի, իր արտակարգ եւ բարձր արուեստական արժանիքներուն համար, որոնք ունէին նաեւ կրօնական բնոյթ։ Էնիօ Մորռիքոնէ  վերջերս Վատիկանի Պօղոս անուան դահլիճէն ներս ղեկաւարեց  համերգ մը, ըսելով թէ ինք չէր կրնար մերժել այդ մէկը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2020, 10:44