Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը կ՛արագանայ, կոչ ընելով բոլորին, որ յարգեն հեռաւորութիւն պահպանելու եւ դիմակ կրելու պահանջները։ Շեշտուեցաւ, որ վերջին վեց շաբաթներուն հիւանդացածներուն թիւը կրկնապատկուած է։
Վարակակիրներուն թիւը արդէն անցած է 16 միլիոնի սահմանը, իսկ զոհերուն թիւը՝ 650,000ի։
Քաղուած «Ասպարէզ» էն