Որոնել

Պաալպեք Պաալպեք 

Յուսահատութեան Ճիչերը Ճեղքեց Պաալպեքէն Հնչած «Գոյատեւման Ձայնը»

Ելոյթին ընթացքին տեսերիզով ցուցադրուեցաւ Պաալպեքի փառատօներուն պատմականը, նկարներ` տարբեր տարիներէ, նշանաւոր դէմքերէ, արուեստագէտներէ, մշակութային ներկայացուցիչներէ, այլ խօսքով` Պաալպեքի փառքի օրերէն, զանոնք կրկին վերականգնելու յոյսով եւ հաւատքով:

5 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին Պաալպեքի խորհրդաւոր բերդը իր վրայէն թօթափեց «Քորոնա»-ի պատճառով հաւաքուած փոշին, խզեց լիբանանեան ընկերային ու տնտեսական դաժան պայմաններուն պատճառով ամէնուրեք լսուող յուսահատութեան ճիչերը եւ տարածեց յոյս ու լոյս` Լիբանանէն մինչեւ աշխարհի բոլոր երկիրները:

Հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութիւնը վայելող, Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին նուիրուած, Պաալպեքի միջազգային փառատօներու յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած, մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին կողմէ պատրաստուած եւ գործադրուած, Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կողմէ մեկնաբանուած «Գոյատեւման ձայնը» խորագիրը կրող ելոյթը տեղի ունեցաւ Պաալպեքի Բագոսի տաճարին մէջ: Ասիկա պարզ զուգադիպութիւն չէր, այլ ունէր իր խորհուրդը, որովհետեւ այս տաճարը կրցած էր յաղթահարել ամէն տեսակի երկրաշարժ ու կանգուն մնալ, կանգնիլ անսասան, վեհութեամբ նայիլ դէպի երկինք` իր հսկայական քարերով եւ կազմաւորումով, սիւներով եւ անոնց վրայ փորագրուած գեղեցկութեամբ: Տուեալ տաճարէն «Գոյատեւման ձայն» բարձրացնելը ունէր իր խորհուրդը, որովհետեւ անիկա վճռակամութիւնն է Լիբանանին` դիմագրաւել փտածութեան պատճառով երկրին մէջ այսօր տիրող դժուար կացութիւնը, չընկրկիլ, տոկալ եւ պահպանել երկրին առանձնայատկութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութիւնը վայելող, Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին նուիրուած, Պաալպեքի միջազգային փառատօներու յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած, մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին կողմէ պատրաստուած եւ գործադրուած, Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կողմէ մեկնաբանուած «Գոյատեւման ձայնը» խորագիրը կրող ելոյթը տեղի ունեցաւ Պաալպեքի Բագոսի տաճարին մէջ: Ասիկա պարզ զուգադիպութիւն չէր, այլ ունէր իր խորհուրդը, որովհետեւ այս տաճարը կրցած էր յաղթահարել ամէն տեսակի երկրաշարժ ու կանգուն մնալ, կանգնիլ անսասան, վեհութեամբ նայիլ դէպի երկինք` իր հսկայական քարերով եւ կազմաւորումով, սիւներով եւ անոնց վրայ փորագրուած գեղեցկութեամբ: Տուեալ տաճարէն «Գոյատեւման ձայն» բարձրացնելը ունէր իր խորհուրդը, որովհետեւ անիկա վճռակամութիւնն է Լիբանանին` դիմագրաւել փտածութեան պատճառով երկրին մէջ այսօր տիրող դժուար կացութիւնը, չընկրկիլ, տոկալ եւ պահպանել երկրին առանձնայատկութիւնները:

Ելոյթին ընթացքին տեսերիզով ցուցադրուեցաւ Պաալպեքի փառատօներուն պատմականը, նկարներ` տարբեր տարիներէ, նշանաւոր դէմքերէ, արուեստագէտներէ, մշակութային ներկայացուցիչներէ, այլ խօսքով` Պաալպեքի փառքի օրերէն, զանոնք կրկին վերականգնելու յոյսով եւ հաւատքով:

Իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ, Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող մեծաթիւ անձեր հետեւեցան անոր` յուսալով, որ յոյսի այս նշոյլը կ՛աճի եւ փրկութեան ուղի կը բանայ Լիբանանի համար:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2020, 08:00