Հայաստանի մէջ «քորոնա»-էն մահացած է բժշկական կազմին մէջ աշխատող մը
21 յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ի 273 նոր դէպք, մահացած է 12 անձ, ապաքինած` 704: Դրական եղած է կատարուած քննութիւններուն շուրջ 25 առ հարիւրը:
21 յուլիսի նոր թիւերով Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 35.254-ի, ապաքինածներունը` 24.206-ի, բուժուողներունը` 10.171-ի, ընդհանուր քննութիւններունը` 148.180-ի, իսկ մահերունը` 662-ի:
Առողջապահութեան նախարարի բանբեր Ալինա Նիկողոսեան տեղեկացուց, որ մահացողներէն մէկը բժշկական անձնակազմի անդամ էր: «Ցաւով պէտք է յայտնեմ, որ մահուան դէպքերէն մէկը արձանագրուած է բժշկական կազմին մէջ աշխատողի մօտ: 59-ամեայ Սիրանուշ Յարութիւնեանը «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին մէջ մանկաբուժ է: Շնորհակալ ենք բժշկուհիին` իր պատասխանատու եւ նուիրումով աշխատանքին եւ հոգատար վերաբերումին համար», գրած է Նիկողոսեան` ցաւակցութիւն յայտնելով բժշկուհիին ընտանեկան պարագաներուն:
Քաղուած «Ազդակ»էն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ