Մինսքի Խմբակի Համանախագահները կոչ կ՛ուղղեն` զերծ մնալու կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներուն ուղղուած սպառնալիքներէն։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը` Ռուսիայէն, Սթեֆան Վիսքոնթին` Ֆրանսայէն, Էնտրիւ Շոֆըրը` Միացեալ Նահանգներէն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը յայտարարութիւն հրապարակեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վերջին օրերու բախումներուն վերաբերեալ:
Յայտարարութեան մէջ անոնք ողջունեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ 16 յուլիսէն հաստատուած յարաբերական կայունութիւնը: Համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղեցին` օգտուելու աշխուժ մարտական գործողութիւններու թուլացումէն եւ նախապատրաստուելու առարկայական բանակցութիւններու` տագնապին համապարփակ լուծում գտնելու համար:
Համանախագահները անգամ մը եւս ընդգծեցին, որ այս բարդ շրջանին չափազանց կարեւոր է զերծ մնալ սադրիչ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ` ներառեալ սպառնալիքներէ կամ ենթադրեալ սպառնալիքներէ` ուղղուած քաղաքացիական բնակչութեան եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներուն:
Համանախագահները ընդգծեցին, որ համանախագահ երկիրներու միացեալ ջանքերը քննադատող վերջին հրապարակային յայտարարութիւնները կամ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ միակողմանի «նոր պայմաններ» սահմանելու եւ ձեւաչափը փոխելու ձգտումները չեն նպաստեր կառուցողական երկխօսութեան վերսկսման: Անոնք հաստատեցին, որ մնայուն խաղաղ լուծման հասնելու քաղաքական կամքը լաւագոյնս կ՛արտայայտուի առաւելապաշտական մօտեցումներէ, սադրիչ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ զերծ մնալով, ինչպէս նաեւ զինադադարի դրութեան խստօրէն հաւատարիմ մնալով:
Համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչը իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն միջազգային կառոյցներուն, որոնց կարգին ՄԱԿ-ին, ԵԱՀԿ-ին եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն` աշխուժ մասնակցութեան համար, որոնց կոչերը` խստօրէն հետեւելու զինադադարի դրութեան պահպանման եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ երկխօսութեան վերսկսելու, կը համընկնին համանախագահներուն միացեալ միջնորդական ջանքերուն եւ կ՛աջակցին անոնց:
«Մենք յատուկ կերպով կ՛ընդգծենք անկողմնակալութիւնը այնպիսի միջամտութիւններու, որոնք կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` կեդրոնանալու լարուածութիւնը թուլացնելու վրայ, ոչ թէ վերջին լարուածութիւնը յառաջացնելու պատասխանատուութիւնը բարդելու ուրիշներու վրայ: Համանախագահները կ՛ողջունեն լարուածութեան մեղմացման եւ առանց պայմաններու բանակցութիւններու վերսկսելու գծով միջազգային աճող պնդումը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահները հաստատեցին նաեւ, որ 2019 թուականի մարտ 9-ի յայտարարութեան մէջ շարադրուած սկզբունքներն ու տարրերը կը շարունակեն մնալ հիմք իրենց միջնորդական ջանքերուն: Համանախագահները պատրաստ են հանդիպելու երկիրներու ղեկավարներուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ` որեւէ պահու: Համանախագահները նաեւ ընդգծեցին, որ ԵԱՀԿ-ի դիտորդները պէտք է որքան կարելի է շուտ վերադառնան շրջան:
Քաղուած «Ազդակ» էն