Թանզանիոյ նախագահը քաղաքացիներու աղօթքներուն շնորհիւ երկրին «Քորոնա» ժահրը յաղթահարած ըլլալը յայտարարեց։
Թանզանիոյ նախագահ Ճոն Մակուֆուլի յայտարարած է, որ քաղաքացիներու աղօթքներուն շնորհիւ երկիրը յաղթահարած է «Քորոնա» ժահրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:
Մակուֆուլի Թանզանիոյ մայրաքաղաք Տոտոմայի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ հաւատացեալներուն ըսած է. «Քորոնա» ժահրը յաղթահարեցինք Աստուծոյ շնորհիւ»:
Ան նաեւ բարձր գնահատած է մարդոց` դիմակներ եւ ձեռնոցներ չկրելու որոշումը:
«Ես կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր դաւանանքներու թանզանիացիներուն: Մենք աղօթեցինք եւ ծոմ պահեցինք, որ Աստուած փրկէ մեզ համաճարակէն, որ խոցած է մեր երկիրն ու ամբողջ աշխարհը: Եւ Աստուած պատասխանեց մեզի», յայտնած է ան:
«Ես վստահ եմ, որ բազմաթիւ թանզանիացիներ գիտեն, որ «Քորոնա» ժահրը յաղթահարեցինք Աստուծոյ շնորհիւ», անգամ մը եւս ընդգծած է: Անոր այս խօսքը ուղեկցուած է ծափահարութիւններով եւ ուրախ բացագանչութիւններով:
Ան այդպիսի խօսք արտասանած է նաեւ անցեալ ուրբաթ` ուսուցիչներու հետ խորհրդաժողովի ժամանակ` ըսելով.«Քորոնա» ժահրը վերջ գտած է»:
Ուսուցիչներու հետ զրոյցի ընթացքին ան մարդոց կոչ ուղղած էր չընդունելու դիմակներու եւ ձեռնոցներու նուիրատուութիւնները, որոնք իրականութեան մէջ կրնան «օգտագործուիլ ժահրի փոխանցման նպատակով»:
«Ես կ՛ուզեմ ձեզի` թանզանիացիներուն կոչ ուղղել, չընդունիք դիմակներու նուիրատուութիւնները, փոխարէնը նուիրատուներուն ըսէք, որ անոնք երթան եւ զանոնք օգտագործեն իրենց կիներուն եւ երեխաներուն հետ», աւելցուցած է ան:
Մակուֆուլի բազմիցս յայտարարած է, որ առողջապահական ճգնաժամը չափազանցուած է, եւ մարդոց կոչ ուղղած է այցելելու եկեղեցիներ եւ մզկիթներ` ըսելով, որ աղօթքները «կրնան յաղթել» ժահրին:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնած էր «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամին վերաբերեալ կառավարութեան ռազմավարութեան նկատմամբ:
Նշենք, որ մէկ օր առաջ Նոր Զելանտայի մէջ ապաքինած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած վերջին հիւանդը. երկրին մէջ աւելի քան երկու շաբաթ «ՔՈՎԻՏ-19»-ի նոր պարագաներ չեն արձանագրուած: Այս մասին յայտարարած էր Նոր Զելանտայի առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Նախարարութեան տուեալներով` անցած շաբաթավերջին ապաքինած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած վերջին հիւանդը, որ Օքլընտի մէջ կը գտնուէր բժիշկներու հսկողութեան տակ:
Քաղուած «Ազդակ»էն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ