Որոնել

Երեւան Երեւան 

«Քորոնա» ժահրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ

18 յունիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 665 նոր պարագայ
Ունկնդրէ լուրը

18 յունիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 665 նոր պարագայ, մահացած է 7 անձ, ապաքինած` 746 հոգի: Այսպիսով դէպքերու ընդհանուր թիւը հասած է 18.698-ի, ապաքինածներունը` 7560-ի, ապաքինման ընթացքին մէջ եղողները` 10.728-ի, ընդհանուր քննութիւններունը` 89.992-ի, մահերունը` 309-ի:

Իսկ Արցախի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ի ժահրով վարակուածներու ընդհանուր 94 պարագայ, որոնցմէ 56-ը ապաքինած է:

Արցախի մէջ ընդհանուր առմամբ քննութիւն կատարած է 1520 հոգի, կայ 95 մեկուսացուած անձ: Մահուան դէպքեր չկան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2020, 11:10