Որոնել

Ռազմական օդանաւ Ռազմական օդանաւ 

Իսրայէլեան օդանաւեր Լիբանանեան օդային տարածքէն յարձակում գործեցին Սուրիոյ վրայ։

Իսրայէլեան չորս օդանաւեր խախտած են Լիբանանի օդային տարածքը

Իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր երէկ գիշեր Լիբանանի օդային տարածքին մէջ ցած բարձրութեամբ թռիչքներ կատարեցին: Անոնց ձայնը լսուեցաւ Ժըպէյլի, Քեսրուանի եւ այլ շրջաններու մէջ:

«Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, իսրայէլեան չորս օդանաւեր խախտած են Լիբանանի օդային տարածքը եւ Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածած: ՍԱՆԱ իր կարգին հաղորդեց, որ Սուրիական օդային պաշտպանութեան ուժերը Համայի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մսիաֆի մէջ դէմ դրած են իսրայէլեան յարձակումի մը:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2020, 08:32