23 յունիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 418 նոր դէպք, մահացած է 12 անձ, ապաքինած` 1013: Այսպիսով, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը արդէն շրջանցեց 21.000-ը, մինչ ապաքինածներուն թիւը 10.144 է, մահերունը` 372:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ Հայաստանի առողջապահական համակարգը աւելի զօրացած դուրս պիտի գայ «Քորոնա» ժահրի համավարակին դէմ պայքարէն:
Քաղուած «Ազդակ»էն