Որոնել

Արճէշի հայկական «խորտակուած եկեղեցին»։ Արճէշի հայկական «խորտակուած եկեղեցին»։ 

Վանայ լիճի ջուրին մակարդակին նուազումին հետեւանքով ի յայտ եկած է Արճէշի հայկական «խորտակուած եկեղեցին»։

Պատմական աղբիւրները կը յայտնեն, որ Արճէշի եկեղեցին կառուցուած է հայկական հնագոյն Թարհաններու տոհմին հոգեւորականներուն կողմէն:

Վանայ լիճի ջուրի մակարդակին նուազումին հետեւանքով հայկական պատմական եկեղեցի մը ի յայտ եկած է:
Գիտնական Սետաթ Ուլուկանան պոլսահայ «Ակօս» թերթին մէջ ահազանգած է, որ հին Արճէշի հայկական այդ եկեղեցին գանձագողերու թիրախը յայտնուած է:Ան պաշտպանութեան կոչ ուղղած եւ աւելցուցած է, որ եթէ միջոցներ չձեռնարկուին, պատմական ժառանգութիւն մը եւս կ’ոչնչանայ:

Ունկնդրէ լուրը

Ուլուկանան յայտնած է, որ Հին Արճէշը, որուն մէկ հատուածը այսօր կոչուած է «չելեպիպաղը» 1841թ․ Վանայ լիճի ջուրի մակարդակին բարձրացման հետեւանքով աստիճանաբար լքուած եւ ջուրի տակ անցած էր:

Սակայն երաշտի պատճառով ջուրի մակարդակը կրկին նուազած է եւ «խորտակուած քաղաքը» ջուրի երես եկած է:
Գիտնականը ուշադրութեան հրաւիրած է այն հանգամանքը, որ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ այսօր կը խօսուէր Հին Արճէշի ամրոցի ներքին կառոյցներուն եւ պատմական մզկիթին մասին, եւ ընդհանրապէս չէր քննարկուած եկեղեցւոյ գոյութիւնը:

Չելեպին մանրամասնութիւններ յայտնած է նաեւ Արճէշի ամրոցին շուրջ գտնուող հազար տուներու, 200 վաճառակէտերու, ինչպէս նաեւ Արճէշ քաղաքի քրիստոնեայ բնակչութեան մասին:
Գիտնականին խօսքով` պատմական աղբիւրները կը յայտնեն, որ Արճէշի եկեղեցին կառուցուած է հայկական հնագոյն Թարհաններու տոհմին հոգեւորականներուն կողմէն:

Քաղուած «Գանձասար»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2020, 12:01