Որոնել

Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքը Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքը 

Պոլսոյ հայկական եկեղեցւոյ խաչը պոկած ցնձը ձերբակալուած է։

Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման առթիւ մէկ անձ ձերբակալուած է:

Օրեր առաջ անյայտ անձ մը վայրագօրէն պոկած ու գետին նետած է Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի դարպասներուն վրայ տեղադրուած խաչը: Ատելութեան հողի վրայ իրականացուած յարձակման պահը արձանագրած էին եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսախցիկները:

Յարձակման մասին բողոք ներկայացուած է ոստիկանութիւն, իսկ պոկուած խաչի փոխարէն տեղադրուած է նորը: Ոստիկանութեան մէջ տեսախցիկներու տեսագրութեան օգնութեամբ պարզուած է յարձակում կատարած անձի ինքնութիւնը, եւ ձերբակալուած: Դէպքի առթիւ հետաքննութիւնը կը շարունակուի:

Պոլսոյ գլխաւոր հանրապետական դատախազութենէն լրատուամիջոցներուն յայտնած են, որ «Աղօթատեղիներուն վնաս պատճառելու» մեղադրանքով հետաքննութիւն սկսած է:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2020, 07:50