«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ
Ներկայ դրութեամբ ժահրէն ապաքինածներուն թիւը 2304 է: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 37.476 քննութիւն: Այսպիսով` կայ հիւանդութեամբ հաստատուած 184 նոր դէպք եւ 94 ապաքինած:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքը կը հաղորդէ, թէ 15 մայիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուեցաւ «Քորոնա» ժահրի վարակման ընդհանուր 4044 դէպք, որոնցմէ 1666-ը` ապաքինած:
Ներկայ դրութեամբ ժահրէն ապաքինածներուն թիւը 2304 է: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 37.476 քննութիւն: Այսպիսով` կայ հիւանդութեամբ հաստատուած 184 նոր դէպք եւ 94 ապաքինած:
Ընդհանուր առմամբ ժահրէն մահացածներուն թիւը հասաւ 52-ի:
Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Արցախի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 4 նոր պարագայ` ընդհանուր թիւը հասցնելով 24-ի: Մեկուսացման մէջ կը գտնուի 62 հոգ
Քաղուած «Ազդակ» էն
16/05/2020, 10:45