Որոնել

խաղապահ առաքելութիւն խաղապահ առաքելութիւն 

ՄԱԿ-ի այս տարուան խաղաղապահ առաքելութիւններուն օրը նուիրուած է կիներուն։

Խաղապահ առաքելութիններու նուիրուած օրուան նիւթն է «կիները խաղաղութեան պահպանման առաքելութեան մէջ , խաղաղութեան բանալի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ամէն տարի մային 29 ին, Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը կը նշէ խաղաղապահ առաքելութիւններուն օրը, մեծարելով բոլոր անոնց որոնք կը գործեն ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ու ապահովման ի խնդիր։
2020 թուականի ՄԱԿ ի խաղաղապահներու օրը նուիրուած է զինադադարի ապահովման գործողութիւններու մէջ կարեւոր դեր ունեցող կիներուն։

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ որդեգրուած, կիներու , խաղաղութեան,  անվտանգութեան մասին,  թիւ 1325 բանաձեւի 20 ամեակի առիթով, խաղաղապահներուն նուիրուած այս տարուան նիւթն է «կիները խաղաղութեան պահպանման գործընթացէն ներս, խաղաղութեան բանալի։

Յայտնենք, թէ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի  թիւ 1325 բանաձեւի մէջ ընդգծուած է խաղաղութեան նպատակներու հետապնդումի մէջ  իգական սեռի ներկայութեան հրամայականը ։ ՄԱԿ-ը այդ  բանաձեւի որդեգրումով խնդրած  է ընդլայնել կիներուն դերն ու նպաստը խաղաղապահ առաքելութիւններէն ներս։ ։

Մայիս 29ին, Խաղաղապահ առաքելութիններուն նուիրուած օրուան առթիւ յղած պատգամին  մէջ ՄԱԿ ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես իր գնահատանք յայտնած է աւելի քան 90 հազար քաղաքացիներուն, ոստիկաններուն, որոնք աշխարհի ամէն կողմ  յանձնառու են խաղաղութեան պահպանման գործին մէջ։

«Անոնք կը դիմագրաւեն աշխարհի ամենէն մեծ մարտահրաւէրներէն մին։ Մինչ անոնք յանձնառու են խաղաղութեան , անվտանգութեան պահպանման գործին, միաժամանակ  օգնութեան կը փութան քորոնա ժահրով վարակիրներուն։Այդ պայքարին մէջ, խաղաղապահ կիները  կը գտնուին առաջնագիծին վրայ։ Երախտապարտ ենք անոնց քորոնա ժահրի դէմ, նուիրուածութեամբ եւ զոհողութեամբ մղած պայքարին համար։» Ըսած է Կութերես։

Յայտնենք, թէ աշխարհի մէջ խաղաղապահներու թիւը կը հաշուէ աւելին քան 90 հազար, աշխարհի 120 երկիրներէն, որոնց առաքելութիւնը կը կայանայ, ճգանժամային գօտիներուն մէջ ապրող քաղաքացիները պաշտպանելու մէջ։ ՄԱԿ-ը, մայիս 29ին կը յիշէ այդ կամաւոր խաղաղապահները, յատուկէն խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ գործող կիները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2020, 10:40