Որոնել

Առողջապահական մարմնի գործիչներ Առողջապահական մարմնի գործիչներ 

Աշխարհի տարածքին վարակուածերուն թիւը անցաւ 5.1 միլիոնի սահմանը

Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն ընդհանուր թիւը անցաւ 5․1 միլիոնի սահմանը, իսկ ապաքինուածներունը՝ 2 միլիոնի։ Մահացած են 331,496 անձեր։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն»․- Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան՝ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին, աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներու մրցանշային աճ արձանագրուած է, երբ մէկ օրուան ընթացքին յայտնաբերուած են առաւել քան 100,000է նոր վարակաուածներ:

Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն ընդհանուր թիւը անցաւ 5․1 միլիոնի սահմանը, իսկ ապաքինուածներունը՝ 2 միլիոնի։ Մահացած են 331,496 անձեր։

Առաջին անգամն ըլլալով, Պրազիլ նոր վարակումներու թիւով յառաջ անցաւ Միացեալ Նահանգներէն: Պրազիլի մէջ կան 296,033 վարակուածներ եւ մահացած են 19,148 անձեր, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ յաջորդաբար՝ 1,6 միլիոն եւ 95,304։

Համաշխարհային դրամատան տնտեսագետները կը կանխատեսեն, որ համաճարակին պատճառով, աշխարհի տարածքին 60 միլիոն անձեր կրնան ծայրայեղ աղքատութիւն դիմագրաւել։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2020, 07:09