Որոնել

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  

«Քորոնա» Համաճարակի հետ կապուած իրավիճակը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ վատթարանալ ․ Վարչապետ

Վարչապետի խօսքով` այսպիսի իրավիճակի պատճառը հակահամաճարակային կանոնները համատարած չպահպանելն է:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 29 մայիսի ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ «Քորոնա» համաճարակի հետ կապուած իրավիճակը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ վատթարանալ:

«1 միլիոն բնակիչին բաժին ինկած դէպքերով արդէն իսկ անցած ենք Իրանի եւ Ֆրանսայի ցուցանիշները, հաւասարած ենք Ռուսիոյ ցուցանիշին: Այս կշռոյթով շարունակուելու պարագային կը հասնենք Իտալիոյ ցուցանիշին: Համաճարակի տարածման այսպիսի արագութիւնը, անկախ անկէ, թէ քանի տոկոսը ախտանիշով, քանին` առանց ատոր, ինքնաբերաբար կը բերէ ծանր, ծայրայեղ ծանր դէպքերու, նաեւ մահուան դէպքերու աճին»,- ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է վարչապետը:

Անոր խօսքով` այսպիսի իրավիճակի պատճառը հակահամաճարակային կանոնները համատարած չպահպանելն է:

«Վստահ ենք, որ սահմանուած կանոններու ճշգրիտ ու որակեալ պահպանումը ոչ միայն կը բերէ համաճարակի թիւերու նուազման, այլեւ կ’օգնէ ընդհանուր առմամբ յաղթահարելու համաճարակը: Այսինքն, համաճարակի յաղթահարման գործընթացը կախուած է մեր կողմէ առաջարկուած կանոններու պահպանումէն ու որակէն»,- ըսած է կառավարութեան ղեկավարը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2020, 07:57