Որոնել

Շառլ Ազնաւուր Շառլ Ազնաւուր 

Այսօր Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան որն է․ Աշխարհահռչակ երգիչը կը դառնար 96 տարեկան

Շառլ Ազնաւուր ծնած է 1924-ի Մայիս 22-ին Փարիզի Սեն Ժերմեն տե Փրէ թաղամասին մէջ, հայ գաղթականներ Միշա և Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ:

Աշխահրհահռչակ երգիչ, երգահան, բանաստեղծ, դերասան, Հայաստանի Ազգային հերոս Շառլ Ազնաւուր, որ կ՛երգէր մարդկային յոյզերու, անհատի եւ մարդկութեան ամենանուիրական զգացմունքներու, սիրոյ եւ հայրենիքի մասին, Մայիս 22-ին պիտի տօնէր ծննդեան 96-ամեակը:

Շառլ Ազնաւուր ծնած է 1924-ի Մայիս 22-ին Փարիզի Սեն Ժերմեն տե Փրէ թաղամասին մէջ, հայ գաղթականներ Միշա և Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ:

Շառլ Ազնաւուրի հայրը` Միշան Վրաստանի Ախալցխա քաղաքէն էր, մայրը` Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքէն: Շառլ մանկութենէն մեծ հետաքրքրութիւն ունէր արուեստի նկատմամբ: Կը յաճախէր թատերական դպրոց: Ծնողներուն օգնելու համար պատանի Շառլը ելոյթներ կ՛ունենար փոքր ներկայացումներու մէջ, կ՛երգէր  եկեղեցւոյ մէջ: 

Աւելի ուշ սկսած է երգեր գրել ժամանակի յայտնի երգիչներու համար: 1946-ին ծանօթացած է հանրայայտ երգչուհի Էտիթ Պիաֆի հետ, եւ անոնք միասին շրջագայած են համերգներով: Սկզբնական շրջանին երգած է Փիեռ Ռոշի հետ: Համընդհանուր ճանաչման արժանացած է 1959-ին` Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ իր ունեցած ելոյթէն ետք: Երգած է աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն համերգասրահներու մէջ, համերգներ ունեցած է նաեւ Երեւանի մէջ:

Ազնաւուր գրած է 1000-է աւելի երգեր` «Սա է վերջը», «Մամա, «Իզապել», «Երկու կիթառ», «Սիրուց յետոյ», «Ջահելութիւն» եւայլն: Անոր երգերու սկաւառակները թողարկուած են միլիոնաւոր օրինակներով, բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս տեսած են առանձին գիրքերով: Ան իր երգերու լաւագոյն կատարողն է: Ազնաւուրը երգած է Լուչիանօ Փաւարոթիի, Փլասիտօ Տոմինգոյի, Լայիզա Մինելիի, Միրէյ Մաթէոյի, Փաթրիսիա Քաասի հետ: Դստեր` Սեդայի հետ կատարած է Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգը: Գրած է նաեւ օփերեթային երաժշտութիւն:

Ազնաւուր նկարահանուած է 60-էն աւելի ֆիլմերու մէջ` «Հռենոսի անցումը», «Սատանան եւ տասը պատուիրանները», «Հայր Կորիօ» եւ այլն, իսկ «Գլուխը` պատը» ֆիլմին համար արժանացած է «Բիւրեղեայ աստղ» մրցանակի: Ուշագրաւ է անոր դերակատարումը Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմին մէջ, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան:

1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ան բազմիցս այցելած է Հայաստան, եղած է աղէտի գօտիին մէջ: Փարիզի մէջ ստեղծած է երկրաշարժէն տուժածներու օգնութեան «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որու ներկայացուցչութիւնը բացած է Երեւանի մէջ: Երգիչ եւ երաժշտահան Ժորժ Կառվարենցի հետ գրած է «Քեզ համար, Հայաստան» երգը, թողարկած է տեսահոլովակ` Ֆրանսայի 90 երգիչի ու դերասանի մասնակցութեամբ: Քուպայի մէջ Չ. Վալտեսի հետ թողարկած է ալպոմ (2007 թ., շնորհանդէսը` Մոսկուայի մէջ): 

1995-էն ՀՀ նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուաւոր դեսպանն է, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մշտական պատուիրակ: 2009-ին նշանակուած է ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Զուիցերիոյ մէջ:

Արժանացած է Հայաստանի ազգային հերոսի կոչման, պարգեւատրուած ԼՂՀ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ Թեքէեան մշակութային միութեան ադամանդակուռ «Արարատ» շքանշաններով, Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի 2 շքանշանով: 2009-ին ճանչցուած է 20-րդ դարու լաւագոյն երգիչ:

Գրած է «Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին» (1975), «Անցած օրեր» (2004 ) յուշագրութիւնները: 

Ազնաւուրի անունով անուանուած են Երեւանի մէջ հրապարակ, Վաղարշապատի դրամատիկական թատրոնը, իսկ 2000-ին Գիւմրիի մէջ` անոր անուան հրապարակին մէջ, կանգնեցուած է յուշարձանը: Ազնաւուրի մոմէ արձանը 2004-ին դրուած է Մատամ Տիւսոյի թանգարանին մէջ: 2009-ին Երեւանի մէջ բացուած է Ազնաւուրի թանգարանը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2020, 07:10