Որոնել

Ափրիկէի մէջ դիմակներ կրած մարդիկ Ափրիկէի մէջ դիմակներ կրած մարդիկ 

Մայիս 25ին, «Ափրիկէի օր» է։ Զէնքերու ձայնը լռեցնելու առիթ։

Ափրիկէի օրը ամէն տարի կը նշուի մայիս 25ին, ոգեկոչելու համար Ափրիկէի միութիւն հիմնարկի ծնունդը, որ տեղի ունեցաւ Ատիս Ապեպայի Մէջ 25 մայիս 1963ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ամէն տարի մայիս 25ին, կը նշուի Ափրիկէի ցամաքամասին նուիրուած օրը, որուն առթիւ Ափրիկէի մէջ եւ այլուր տեղի կ՝ունենան մշակութային եւ գեղարուեստական ձեռնակներ, ընդգծելու եւ ճանչցնելու համար Ափրիկէի մշակոյթին  գեղեցկութիւնն  ու հմայքը։

Ունկնդրէ լուրը

2020 թուականի Ափրիկէի օրուան կարգախօսն է «լռեցնել զէնքերու ձայնը՝ Քովիտ 19 համաճարակի շրջագիծէն ներս» եւ որուն առթիւ կազմակերպուած բոլոր ձեռնակները տեղի կ՝ունենան առցանց, Քորոնա ժահրի Համաճարակի տագնապի պատճառաւ։

Ձեռնակներուն շարքին արժանի է նշել «Ափրիկէի միութիւն» կազմակերպութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան բաժանմունքին կողմէ ձեռնարկուած «Լռեցնել զէնքերը»  խորագիրով ու ուղիղ սփռումով տեսաժողովը, զոր տեղի կ՝ունենայ երկուշաբթի, մայիս 25ին, Արեւելեան Ափրիկէի ժամանակացոյցով, յետմիջօրէին, ժամը  3,00ին։

Տեսաժողովի նպատակն է Ափրիկեցիներուն մէջ արթնցնել խաղաղութեան եւ զարգացման միջեւ գոյացուած սերտ  իմաստը։

Ափրիկեան միութիւն կազմակերպութեամբ տեղի կ՝ունենայ նաեւ բարեսիրական համերգ մը, մասնակցութեամբ  ափրիկեցի անուանի արուեստագէտներուն։

Յայտնենք, թէ Ափրիկէի օրը ամէն տարի կը նշուի մայիս 25ին, ոգեկոչելու համար Ափրիկէի միութիւն հիմնարկի ծնունդը, որ տեղի ունեցաւ Ատիս Ապեպայի մէջ՝ 25 մայիս 1963ին։ «Ափիրէկի օր»ը նկատուած է իբրեւ ազգային պետական տօն Ափրիկէի տարբեր երկիրներու. մէջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2020, 12:26