Որոնել

Իրանի մէջ դիմակներ պատրաստութեան ժամանակ Իրանի մէջ դիմակներ պատրաստութեան ժամանակ 

«Յայտնութեան կրօնքներու հասարակութիւն մը, մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս». Նամակ ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին։

Կաթողիկէ հաստատութիւններուն հետ համագործակցութիւնն ու փորձառութիւններու փոխանակումը ընդլայնելու առաջարկ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Յայտնութեան կրօնքներու հասարակութիւն մը, մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս» սոյն առաջարկը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին նամակով մը ներկայացուցած է՝ Քոմի Ալ Մուսթաֆա միջազգային համալսարանի մեծաւոր Հայաթոլլա Ալիրեցզա։ Լուրը հաղորդեց Ֆիտես լրատու գործակալութիւնը։ 

Իրանի մէջ, շիիներուն  ակադեմիական հասարակութեան անունով,  Իրանի հոգեւոր առաջնորդ հայաթոլլա Ալիրեցզա Արաֆի, նամակով  մը  շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանչիսկոս Պապին,  համաճարակի ճգնաժամային օրերուն, կարիքաւորներուն հանդէպ ցուցաբերած հոգածութեան համար։ Ան ապա առաջարկած է  ընդլայնելու   կաթողիկէ հաստատութիւններու հետ համագործակցութիւնը կամ փորձառութիւններու փոխանակումը՝ «ստեղծելու համար երկնային կրօնքներուն հասարակութիւն մը» մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս»։

Իրանի հոգեւոր առաջնորդը նամակին մէջ անդրադարձած է նաեւ համաճարակի տարածման պատճառով՝ ստեղծուած տառապանքներուն նշելով, թէ այդ տառապանքները ցնցած են երկրի կրօնապետերը, առ այդ  Իրանի  մէջ հոգեւոր առաջնորդները անդադար Աստուծոյ ողորմածութիւնը կը հայցեն,  համաճարակի զոհերուն եւ հիւանդներու ապաքինումին համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2020, 10:29