Որոնել

Համաճարակի դէմ պայքար  Հիւանդանոցէ առնուած լուսանկար Համաճարակի դէմ պայքար Հիւանդանոցէ առնուած լուսանկար 

Օգնութիւն համաճարակի կիզակէտին գտնուող Իտալահայերէն՝ Հայաստանին ու Արցախին

Մինչեւ այսօր հաւաքագրուած է 125,091 ԱՄՆ տոլար, ուղարկուած է շուրջ 250 հազար տոլարին համարժէք բժշկական սարքեր եւ պարագաներ, որոնք խիստ անհրաժեշտ են Հայաստանին ու Արցախին:

Իտալիոյ Համահայկական հիմնադրամի կոմիտէն 4,600 եւրօ փոխանցեց «քորոնա» ժահրի դէմ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի նախաձեռնած դրամահաւաքին: Այդ գումարը յատուկ հաւաքագրուած էր ու նախատեսուած էր Իտալիոյ հայերու միութեան կողմէ՝ գալիք Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ամենամեայ ոգեկոչման արարողութեան համար, որ հասկնալի պատճառներով այս տարի պիտի չի կայանայ: 

Հիմնադրամի Իտալիոյ կառոյցը Պայքար Սվազլեանի ատենապետութեամբ, Գէորգ Օրֆալեանի եւ Արմինէ Պամպաքեանի անդամակցութամբ, հաւաքագրուած այդ դրամը կը փոխանցեն Հայաստանի իրենց հայրենակիցներու կեանքերը փրկելու համար: 

Մեր սրտերն ու մտքերը Իտալիոյ ժողովուրդի եւ այնտեղ ապրող հազարաւոր հայերու հետ են, որոնք Իտալիան իրենց տունը կը համարեն:

Իտալիան կը միանայ աշխարհի միւս հայ համայնքներուն ու անհատներուն, որոնք կ՝աջակցին Հիմնադրամի դրամահաւաք արշաւին՝ ներառեալ, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Պրազիլը, Գերմանիան, Նիտըրլանտները, Իռլանտան, Ռուսիան:

Մինչեւ այսօր հաւաքագրուած է 125,091 ԱՄՆ տոլար, ուղարկուած է շուրջ 250 հազար տոլարին համարժէք բժշկական սարքեր եւ պարագաներ, որոնք խիստ անհրաժեշտ են Հայաստանին ու Արցախին: 

Միացէք COVID-19 համաճարակի դէմ համահայկական առցանց դրամահաւաքին https://bit.ly/2wsYuk9 յղումով:

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2020, 09:20