Որոնել

Արայիկ Յարութիւնեան Արայիկ Յարութիւնեան  

ԱՀ Նախագահ ընտրուած է Արայիկ Յարութիւնեան.։ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորութիւնները։

Արցախի Հանրապետութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ կայացած երկիր է
Ունկնդրէ լուրը

Ապրիլ 14-ին կայացած Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան նախնական արդիւնքներով՝ նախագահ ընտրուած է  «Ազատ Հայրենիք-Քաղաքացիական միացեալ դաշինք» կուսակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեան:

ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան՝ ներկայացնելով արդիւնքները՝ ըսած է, որ Արայիկ Յարութիւնեանի օգտին քուէարկած է 39,860 ընտրող կամ ընտրողներուն 88%-ը, իսկ Մասիս Մայիլեանի օգտին՝ 5428 ընտրող կամ ընտրողներուն 12%-ը:

ԿԸՅ նախագահը նշած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան 3784 ձայնով գերազանցած է իր նախկին ցուցանիշը: Ս. Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ, ընտրական իրաւունք ունի 104,777 ընտրող: Այս թիւին մէջ կը ներառուին նաեւ լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընդգրկուած ընտրողները:

Ընդհանուր առմամբ, քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը կը կազմէ 47,165 կամ 45%: Անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կը կազմէ 1876 կամ 3.97 %:

ԿԸՅ նախագահին խօսքով՝ Արցախի մէջ կայացած այս ընտրութիւնները կ՝առանձնանան նաեւ այն իրողութեամբ, որ իրականացած են ոչ սովորական, մասնաւորապէս՝ աշխարհը պատուհասած նոր «քորոնա» ժահրի տարածման պայմաններուն մէջ:

Ս. Արզումանեան նշած է, որ ԱՀ Նախագահ ընտրուելու վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի Ապրիլ 21-ին:

Նշենք թէ Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի մէջ նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին յաջողութեան հասնելու եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելուն առիթով։

Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ Արցախի համար շատ բարդ ու պատասխանատու ժամանակահատուածի մը՝ պայմանաւորուած աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ մասնաւորապէս մեր տարածաշրջանին մէջ ընթացող բարդ աշխարհաքաղաքական գործընթացներով։ «Արցախի Հանրապետութիւնը մէկ անգամ եւս ապացուցեց, որ կայացած երկիր է՝ իր պետական մարմիններով եւ, ամենակարեւորը, իր քաղաքացիներով: Այսօր առաւել քան երբեւէ մենք միասնական ու համախմբուած ըլլալու կարիք ունինք»,- ըսած է Հայաստանի նախագահը։

Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան պիտի կարենայ ամրապնդել համերաշխութեան եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտը Արցախի մէջ, կազմակերպել եւ ապահովել Արցախի անվտանգութիւնը, տնտեսական ու քաղաքական զարգացումը, համախմբել ժողովուրդը միասնական նպատակներու շուրջ։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2020, 07:31