Որոնել

Մոլորակ Մոլորակ 

Գործարկուած է iUniversity Հայկական առաջին համալսարանական առցանց հարթակը-

Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է արտակարգ դրութեան ժամանակահատուածին հարթակի բոլոր հնարաւորութիւնները տրամադրել նաեւ այն ուսումնական հաստատութիւններուն, որոնք ատոր կարիքը ունին

Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանին մէջ գործարկուած է հայկական առաջին համալսարանական առցանց կրթական հարթակը: Ան անուանակոչուած է iUniversity, որ կը սպասարկէ Ճարտարագիտական համալսարանը` ներառեալ Գիւմրիի, Կապանի եւ Վանաձորի մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ համալսարանի քոլէճը եւ աւագ դպրոցը:

Ունկնդրէ լուրը

Հարթակը հնարաւորութիւն կու տայ արձանագրել բոլոր շահառուները, իւրաքանչիւր խումբի եւ դասարանի համար ստեղծել առարկաներու ու տնային աշխատանքներու ցանկ, ուսումնական նիւթեր, էլեկտրոնային գրադարան, ներբեռնել տեսադասախօսութիւններ` հնարաւորութիւն տալով ուսանողներուն եւ աշակերտներուն հարցեր ուղղել իրենց դասախօսներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ունենալ առարկայի քննարկման միջավայր եւ գնահատական ստանալ իրենց կատարած առցանց աշխատանքին համար:

Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է արտակարգ դրութեան ժամանակահատուածին հարթակի բոլոր հնարաւորութիւնները եւ արհեստագիտական սպասարկումը տրամադրել նաեւ այն ուսումնական հաստատութիւններուն, որոնք ատոր կարիքը ունին:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2020, 06:51