Որոնել

Առողջապահութեան համաշխարհային գործակալութեան ղեկավար Թէոտորոս Ատհանոմ Առողջապահութեան համաշխարհային գործակալութեան ղեկավար Թէոտորոս Ատհանոմ  

Առողջապահութեան համաշխարհային գործակալութեան համաձայն. միայն մեկուսացման միջոցառումները բաւարար չեն «Քորոնա» ժահրը կանխարգիլելու համար

Մենք կոչ կ’ուղղենք` բոլոր երկիրներուն օգտագործելու այս ժամանակահատուածը` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու եւ ատոր վրայ «յարձակելու» համար: Այսպէս, երկիրներուն համար ստեղծուած է կարելիութիւններու երկրորդ պատուհան:

Առողջապահութեան համաշխարհային գործակալութեան ղեկավար Թէոտորոս Ատհանոմ Հեպրէյէսուս շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար կառավարութիւններուն գործադրած «մեկուսացման» միջոցները միայն առանձինը ի վիճակի չեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը` յղում կատարելով Առողջապահութեան համաշխարհային գործակալութեան:

Նշենք, որ Հէպրէյէսուս այդպիսի յայտարարութիւն կատարած էր 25 մարտին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մամլոյ ամէնօրեայ ասուլիսի ընթացքին:

Ան, մասնաւորապէս բացատրած է. «ՔՈՎԻՏ-19»-ի` «Քորոնա» ժահրի տարածումը դանդաղեցնելու համար բազմաթիւ երկիրներ ներդրած են «արգելափակման» (մեկուսացման) միջոցառումներ: Սակայն առանձին, այս միջոցները պիտի չկանխարգիլեն համաճարակները: Մենք կոչ կ’ուղղենք` բոլոր երկիրներուն օգտագործելու այս ժամանակահատուածը` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու եւ ատոր վրայ «յարձակելու» համար: Այսպէս, երկիրներուն համար ստեղծուած է կարելիութիւններու երկրորդ պատուհան:

«Գտնելու, մեկուսացնելու, փորձարկելու, բուժելու եւ ախտահանելու յարձակողական միջոցները ո՛չ միայն լաւագոյն եւ ամէնէն արագ միջոցն են ծայրայեղ ընկերային եւ տնտեսական սահմանափակումներէն խուսափելու համար, այլ նաեւ անոնց կանխարգիլման համար: Ասիկա յատկապէս կը վերաբերի խոցելի առողջապահական համակարգ ունեցող շատ երկիրներու համար:

«Հակառակ անոր որ մենք յատկապէս անհանգստացած ենք խոցելի երկիրներով, սակայն բոլոր երկիրները ունին խոցելի բնակչութիւն, ներառեալ` տարեցները: Անոնք կը կրեն մեր հասարակութիւններու հաւաքական իմաստութիւնը, եւ մենք պէտք է միասին աշխատինք, որպէսզի պաշտպանենք զանոնք «Քորոնա» ժահրէն եւ ապահովենք անոնց կարիքները»:

Քաղուած Ազդակէն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2020, 14:29