Որոնել

«Քորոնա» ժահրը Հայաստանի մէջ. Վարակուածներուն թիւը հասաւ 78-ի։ «Քորոնա» ժահրը Հայաստանի մէջ. Վարակուածներուն թիւը հասաւ 78-ի։ 

«Քորոնա» ժահրը Հայաստանի մէջ. Վարակուածներուն թիւը հասաւ 84-ի։

Լուսինէ Պարոնեան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերուն հետ կապ ունեցող բոլոր անձերը մեկուսացուած են, եւ անոնց կարգին են կարի արտադրամասի 500 անձեր:

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «քորոնա» ժահրի 6 նոր դէպք: Այս մասին Facebook-ի իր էջին միջոցով յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Արձանագրուած է «քորոնա» ժահրի 6 նոր դէպք: Ընդհանուր դէպքերուն թիւը 84 է: Դէպքերուն 81 տոկոսը Էջմիածինի եւ արտադրամասի ուղղութիւններն են»,- յայտնեց Վարչապետը:

Վարչապետ Փաշինեանի տեղեկութիւններով՝ այս պահուն մեկուսացուած է 444 անձ, իսկ 799 մարդու կառավարութիւնը յորդորած է ինքնամեկուսացուիլ տուներու մէջ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաւանական նկատեց, որ ըլլան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք այս ընթացքին վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, բուժուած են, սակայն չեն գիտցած այդ մասին:

«Իրավիճակը վերլուծելով կը հասկնամ, որ շատ քաղաքացիներ կը հիւանդանան ու կ՛առողջանան` այդ մասին չկռահելով: Այս մասին մեզ կը յուշէ նաեւ մեր ախտորոշուած դէպքերուն վիճակը: Դէպքերուն 90 առ հարիւրը կա՛մ ջերմութիւն չունի, կա՛մ ցած ջերմութիւն ունի: Ըստ ամենայնի, կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք այս ընթացքին վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, այս ընթացքին բուժուած են, բայց իրենք չեն գիտեր, որ հիւանդացած ու բուժուած են», յայտնեց Փաշինեան:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ փոխուի վերաբերմունքը «Քորոնա» ժահրին նկատմամբ: «Ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է փոխենք մեր վերաբերմունքը «Քորոնա» ժահրին նկատմամբ, անոր հետ վերաբերինք, իբրեւ հիւանդութիւն մը, որ բաւական վտանգաւոր է տարիքոտ մարդոց համար, ինչպէս կրիփը: Մեր հիմնական խնդիրը պէտք է ըլլայ տարիքոտ մեր սիրելի ծնողներուն, տատիկներուն ու պապիկներուն ուշադիր ըլլալը», նշեց վարչապետը:

Քաղուած «Եռագոյն »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2020, 08:00