Հայաստանի կառավարութեան արտահերթ նիստին Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան ընթերցեց Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին կառավարութեան որոշման նախագիծը:
Ըստ որուն, որոշում տրուեցաւ, որ այսօր` ժամը 18:30-էն մինչեւ Ապրիլ 14` ժամը 9:00-ը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը յայտարարուի արտակարգ դրութիւն: Արտակարգ դրութիւնը պայմանաւորուած է Թագաժահրի տարածման հետ:
Քաղուած «Եռագոյն» էն