Որոնել

Գաղթական մանուկներու լուսանկար Գաղթական մանուկներու լուսանկար 

415 միլիոն անչափահասներ կ՝ապրին հակամարտութեան տարածքներու մէջ:

Հակամարտութեան տարածքներուն մէջ ապրող բռնութեան թիրախ անչափահասներու ամենամեծ թիւը Ափրիկէի մէջ է :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի մանուկներուն  պաշտպանութեան գրասենեակի ներկայացուցած զեկոյցին համաձայն, հակամարտութեան տարածքներուն մէջ ամէն տարի աւելի քան տասնեակ հազարաւոր անչափահասներ ենթարկուած են, սեռային չարաշահումի, արեւանգումի, կամ ստիպուած են պայքարելու:  Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ ծանր բռնութիւններու ենթարկուած մանուկներու թիւը աճած 170 տոկոս, բաղդատմամբ 2010 թուականին: Այժմ այդ մանուկներու թիւը  հասած  է 415 միլիոնի:

Ունկնդրէ լուրը

Հակամարտութեան տարածքներուն մէջ ապրող  բռնութեան թիրախ անչափահասներու ամենամեծ թիւը Ափրիկէի մէջն է ՝ 70 միլիոն մանուկներ: Մինչ մերձաւոր արեւելքի մէջ երեք մանուկներու վրայ մէկ մանուկ բռնութեան թիրախ է:

Աֆղանիստանը, Իրաքը, Մալին, Կեդրոնական Ափրիկէն, Քոնկոն, Սոմալիան, Հարաւային Սուտան, այն երկիրն են,  ուր արձանագրուած են,  մանուկներու դէմ գործադրուած բբռնութիւններ ամենամեծ թիւը: Հակամարտութիւններու պատճառով,  2018 թուականին  սպաննուած են աւելի քան 12,125 մանուկներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2020, 10:21