Որոնել

Սուրբ Մարուն Սուրբ Մարուն 

Մար Մարունի տօնին առիթով

Այսօր մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ լիբանանցիներուն դիմագրաւած այս ցաւն ու տառապանքը ապարդիւն պիտի չըլլայ:

Մար Մարունի առիթով, կիրակի, 9 փետրուարին Ժըմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Հասսան Տիապի, մեծ թիւով երեսփոխաններու եւ պետական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական եւ ապահովական կառոյցներու ներկայացուցչութեան:

Ս. պատարագին նախագահեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը, որ իր խօսքը ուղղելով իշխանութեան երեք պետերուն` յայտնեց, որ իրենց եւ բոլոր պատասխանատուներուն համար կ՛աղօթեն: Ան շեշտեց, որ իրենք իրենց երազներն ու ապագան կ՛ուզեն պատասխանատուներուն վստահիլ` աւելցնելով, որ իշխանութիւնը ծառայութիւն է: «Մենք կը փափաքինք մարդկային արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ: Յոգնած ենք ամուլ խոստումներէն, ինչպէս նաեւ զզուած ենք մեր զաւակներուն ապագայով մտահոգուելէն: Ձեզմէ կը խնդրենք յուսադրիչ պատգամներ, ինչպէս նաեւ այնպիսի աշխատանքներ, որոնց վրայ կարելի է կառուցել: Կը փափաքինք շօշափել նախաձեռնութիւններ, որոնք յոյս կը ներշնչեն եւ պատգամներ, եւ որոնք կը միաւորեն: Կը փափաքինք տեսնել պատասխանատու ղեկավարներ: Արդեօք ձեր խիղճերը չի՞ տանջեր լաց ու կոծը այն մօր, որ վկայած է իր զաւկին անձնասպանութիւնը, պարզապէս անոր համար, որ ան չի կրնար ինքն իր կարիքները հոգալ: Արդեօք այս մահը արժանի՞ չէ, որ ձեր մէջ գտնուող փտածները հեռացնէք», հարց տուաւ Ապտել Սաթեր` կոչ ուղղելով պատասխանատուներուն` համագործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը տնտեսական փլուզումէ փրկել:

Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը հարց տուաւ, որ արդեօք զիրենք ընտրած տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիները արժանի չե՞ն, որ սրբագրէք տնտեսական, ելեւմտական, քաղաքական եւ ընկերային մարզերուն խախտումները, ինչպէս նաեւ տիւ ու գիշեր գործակցիք ժողովրդային շարժումի մասնակիցներուն հետ` արժանապատիւ կեանք ապահովելու եւ կամ պատուով հրաժարելու: «Բաժանումը քաջալերողը եւ հայրենիքը իր եւ իրմէ ետք զաւակներուն սեփականութիւնը նկատողը, որ իշխանութիւնը կ՛իւրացնէ եւ իրեն վստահութիւն շնորհողները կ՛իրաւազրկէ, քաղաքական ղեկավար չէ: Իսկական ղեկավարը ան է, որ կ՛ընտրէ նեղ պայմաններուն մէջ գործել, մինչեւ իսկ նահատակուիլ եւ իր անձնական շահերը մէկդի դնելով իրականութիւնը ըսել: Ազգային ղեկավարը ան է, որ կը պայքարի բնակեցման եւ քաղաքացիութիւն շնորհելու դէմ` պահպանելու համար պատգամ Լիբանանի դէմքը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու իւրաքանչիւր տեղահանուածի տունդարձի իրաւունքը», հաստատեց ան:

Իր խօսքը ուղղելով նախագահ Աունի` Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս ընդգծեց, որ նախագահ Աուն իր երդման խոստումին մէջ անդրադարձած է տնտեսական ամբողջական ծրագիրի մը` հաստատելով, որ առանց քաղաքացիական ընկերութեան կարելի չէ պետութիւն հիմնել: «Այսօր մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ լիբանանցիներուն դիմագրաւած այս ցաւն ու տառապանքը ապարդիւն պիտի չըլլայ: Մենք, որ աղքատութեան եւ տարրական իրաւունքներէ զրկանքի պայմաններ կ՛ապրինք, կը յուսանք, որ խիղճերու զարթնում կ՛արձանագրուի եւ դատական իշխանութիւնները իրենց հաշուետուութեան դերակատարութիւնը լիիրաւ կերպով կը կատարեն` թափանցիկութեամբ: Մտավախութիւնս այն է, որ մարդիկ պոռթկան եւ նախընտրեն այլ հայրենիքներու մասին մտածել եւ արտագաղթել եւ Լիբանան չմնայ այլեւս: Մենք լիբանանցիներս կը հաւատանք, որ դուք եւ անոնց, որոնց ընտրած ենք` մեր պատասխանատուներն էք եւ մեզի յուսախաբ պիտի չընէք, այլապէս` Աստուած օգնէ բոլորս», եզրափակեց Ապտել Սաթեր:

Ռայի Պատրիարք. «Վատիկան Պատրաստ Է Զօրակցելու Լիբանանի» 

Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Փեթրօ Փարոլինի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Փարոլին ընդգծեց, որ Վատիկան պատրաստ է կարելի եղածին չափ զօրակցելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ դուրս գալ իր դիմագրաւած տագնապէն:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը Մար Մարունի առիթով իր նախագահած պատարագին ընթացքին հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին ինթիֆատայի պահանջներուն` աւելցնելով, որ ընկերային եւ տնտեսական արդարացի պահանջներ ներկայացնող քաղաքացիները, որոնք տարբեր շրջաններէ մէկտեղուեցան Լիբանանի հրապարակներուն վրայ` համախմբուեցան մէկ պահանջի շուրջ, որ Լիբանանի յարութիւնն է:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2020, 09:49