Որոնել

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Վարդանանց Տօնակատարութիւն 

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Լիբանանի մէջ։

451 թուականի Մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտին, հայրենիքի, հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանման համար նահատակուած Վարդանանց զօրավարներն ու 1036 մարտիրոսները հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն են

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նախագահութեամբ Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի՝ Պէյրութի Պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «մշակութային կեդրոնին», չորեքշաբթի 19 փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Պուրճ Համմուտի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ նախատեսուած է Վարդանանց տօնակատարութիւն, որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ՝ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան։ Տօնակատարութեան առթիւ նախատեսուած է նաեւ  գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։ 

Ունկնդրէ լուրը

451 թուականի Մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտին, հայրենիքի, հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանման համար նահատակուած Վարդանանց զօրավարներն ու 1036 մարտիրոսները հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն են: Իրենց նահատակութեամբ անոնք հաստատեցին հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը եւ լինելիութեան իրաւունքը:

Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւն ընդունելէն ի վեր՝ Հայ եկեղեցին սերտօրէն կապուած եղած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Ատոր վառ օրինակը Վարդանանց պատերազմն է: Պարսից զօրքերու դէմ մղուած պատերազմին հայ մարտիկներու կողքին էր Հայոց եկեղեցին՝ Յովսէփ կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի առաջնորդութեամբ: Մարտէն առաջ՝ հայ հոգեւորականները ո՛չ միայն կը քաջալերէին զօրքին մակաբայեցիներուն օրինակով, այլեւ մկրտութեան եւ սբ. Պատարագի խորհուրդով աւելի կ՝ամրապնդէին նուիրեալներու հաւատքն ու ոգին: «Եւ սեղան կանգնեցնելով` ամենասուրբ խորհուրդը կատարեցին, պատրաստեցին նաեւ աւազան, եւ եթէ զօրքի բազմութեան մէջ չմկրտուած մարդ կար, ամբողջ գիշերը մկրտեցին. Եւ առաւօտեան Սբ. հաղորդութիւն ընդունեցին»,- կը գրէ Եղիշէ պատմիչը՝ Վարդանանց պատերազմէն առաջ կատարուածին մասին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2020, 09:56