Որոնել

Տաւուշ Տաւուշ 

Այսօր կը բացուի «Տաւուշն աշխարհի աչքերով» միջազգային ցուցահանդէս

Ցուցահանդէսը կը կազմակերպուի «Տաւուշի հոգեւոր վերածնունդ» հիմնադրամին եւ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան ՀՈԱԿ-ին հետ համատեղ:

Փետրուար 12-Մարտ 4, Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ կ’իրականացուի «Տաւուշն աշխարհի աչքերով» միջազզային նկարչական կոչունքի ցուցահանդէսը, ուր պիտի ցուցադրուին կոչունքի ընթացքին մասնակիցներուն կողմէ ստեղծուած նկարները։ Այս մասին կը հաղորդէ Armradio.am-ը։

Ցուցահանդէսը կը կազմակերպուի «Տաւուշի հոգեւոր վերածնունդ» հիմնադրամին եւ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան ՀՈԱԿ-ին հետ համատեղ:

Անիկա նաեւ մայրաքաղաք եւ մարզեր համագործակցութեան օրինակ է, քանի որ պիտի ներկայացուին նաեւ գեղանկարներ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի հաւաքածուէն: «Տաւուշը աշխարհի աչքերով» միջազզային նկարչական կոչունքի ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ աշխարհի 17 երկիրներէ ժամանած 23 նկարիչներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանը ներկայացնող 7 նկարիչներու գործեր, որոնք ստեղծուած են Հաղարծինի մէջ իրենց համատեղ օթեւանելուն եւ ստեղծագործելուն իբրեւ արդիւնք։

Կոչունքի 10 օրերուն ընթացքին նկարիչները շրջագայած են Տաւուշի մարզէն ներս, ծանօթանացած մասնակից երկիրներու, եւ յատկապէս Հայաստանի մշակոյթին ու աւանդոյթներուն, հիւրընկալուած մարզի մշակութային կրթօճախներէն ներս եւ իրականացուցած վարպետութեան դասեր։ Եւ այդ օրերու տպաւորութիւններն ու զգացողութիւնները՝ շաղախուած տաւուշեան գունապնակի երանգներով, արտացոլուած են նկարիչներու տարբեր ժանրերու մէջ ստեղծուած գործերուն մէջ, որոնք տեսնելու եւ գնահատելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ արուեստն իր ամբողջ բազմազանութեան մէջ ընկալող ակնդիրը։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2020, 10:09