Որոնել

Աշխատանքային խումբի անդամներ Աշխատանքային խումբի անդամներ 

Մամլոյ Համահայկական համաժողովի նախապատրաստական նիստ Երեւանի մէջ:

Պիտի քաննակրուին համաժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի` 29 Փետրուար-3 Մարտ Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք նիստի օրակարգը:

Երեւանի մէջ Փետրուար 11-ին տեղի ունեցաւ Հայ մամուլի համահայկական համաժողովի կազմակերպման աշխատանքային խումբ մը անդամներու հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան համաժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի` 29 Փետրուար-3 Մարտ Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք նիստի օրակարգը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Աշխատանքային խումբի անդամները` «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, «Նոյեան տապան» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Տիգրան Յարութիւնեան, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Զարթօնք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ, «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սաթիկ Սեյրանեանը` հեռակապով, որոշեցին դիմել շահագրգիռ բոլոր կառոյցներուն եւ նախորդ համաժողովին մասնակից գործընկեր լրատուամիջոցներուն` տեղի ունենալիք յաջորդ համաժողովի օրակարգի եւ ձեւաչափի վերաբերեալ առաջարկներ ու դիտարկումներ ներկայացնելու խնդրանք-առաջարկով:

Լրատուամիջոցներու մեր գործընկերները եւ շահագրգիռ կողմերը իրենց առաջարկները կրնան ներկայացնել Parmforum2020@gmail.com ելեկտրոնային փոստի հասցէին մինչեւ 28 փետրուար 2020:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2020, 11:18