Որոնել

Գերմանիոյ մէջ ազգայնամոլ մը 9 հոգի սպաննեց Գերմանիոյ մէջ ազգայնամոլ մը 9 հոգի սպաննեց 

Գերմանիոյ մէջ ազգայնամոլ մը 9 հոգի, ներառեալ 5 թուրքեր սպաննեց

Յարձակումներէն ետք, 43ամեայ մարդասպանին եւ անոր մօր դիակները գտնուեցան անոնց բնակարանին մէջ։

ՊԵՐԼԻՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Չորեքշաբթի, 19 Փետրուարի գիշերը, Գերմանիոյ Հանաու քաղաքին մէջ, երկու տարբեր սրճարաններու վրայ գերմանացի ազգայնամոլի մը կատարած զինեալ յարձակումին հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն ինը քաղաքայիններ, ներառեալ՝ հինգ թուրքեր։

Ոստիկանութեան համաձայն՝ երկու սրճարաններն ալ թուրքերու պատկանող եւ կլկլակ մատուցող սրճարաններ են։

Յարձակումներէն ետք, 43ամեայ մարդասպանին եւ անոր մօր դիակները գտնուեցան անոնց բնակարանին մէջ։

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել դատապարտեց ոճիրները՝ նշելով. «Ատելութիւնը թոյն մըն է, որ գոյութիւն ունի մեր ընկերութեան մէջ եւ արդէն իսկ պատասխանատու է մեծ թիւով ոճիրներու։

Յայտնենք, որ Հինգշաբթի օր, Լոնտոնի մէջ երիտասարդ մը մզկիթի մը մէջ դաշունահարած էր իսլամ հոգեւորական մը, որմէ ետք ներկաներուն կողմէ ձերբակալուած եւ ոստիկանութեան յանձնուած էր։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2020, 08:24