Որոնել

Հալէպէն առնուած լուսանկար Հալէպէն առնուած լուսանկար 

Հայկական մարդասիրական խումբը մէկ տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ ականազերծած 126,000 քմ. տարածք:

Հայ մասնագէտները ականներու վտանգի իրազեկման եւ շտապօգնութեան տասնեակ դասընթացքներ կազմակերպած են Հալէպի մէջ:

ՀՀ մարդասիրական խումբը մէկ տարիէ ի վեր կը գործէ Սուրիոյ մէջ։ 8 Փետրուար 2019-էն մինչեւ 8 Փետրուար 2020 ականազերծողները մաքրած են 126 հազար քառակուսի մեթր տարածք, որմէ մօտաւորապէս 91,000 մեթր քառակուսի հատուածը (ականներով եւ պայթուցիկ զինամթերքով լեցուն) զննուած եւ յանձնուած է Հալէպի նահանգային իշխանութիւններուն: Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ յանձնման վկայականին համաձայն, ալ Հուսէյնիէ բնակավայրի նշուած տարածքները անվտանգ են եւ պիտանի օգտագործման համար:

Ունկնդրէ լուրը

Հայ մասնագէտները ականներու վտանգի իրազեկման եւ շտապօգնութեան տասնեակ դասընթացքներ կազմակերպած են Հալէպի մէջ: «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը» կատարած է նաեւ«Մենք Ձեր Հետ Ենք» եւ «Մի Բուռ Ժպիտ» խորագիրներով մարդասիրական գործեր: Հաւաքուած են նուէրներ եւ փոխանցուած սուրիացի մանուկներուն: Մարդասիրական խումբի բժիշկները պարբերաբար դեղորայք կը տրամադրեն Հալէպի հիւանդանոցներուն:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2020, 09:40