Որոնել

Ասորի հոգեւորականին լուսանկարը Ահօ Սէֆէր Ասորի հոգեւորականին լուսանկարը Ահօ Սէֆէր 

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է Ասորի հոգեւորական մը:

Ասորական ամէնէն յայտնի եկեղեցւոյ մէջ եօթը տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կիրակնօրեայ պատարագ չէ մատուցուած:

9 յունուարին 11 այլ ասորիներու կողքին ձերբակալուած է Մծբին քաղաքին մէջ գտնուող ասորական հինաւուրց Ս. Յակոբ վանական համալիրի հոգեւորական Սեֆեր (Ահօ) Պիլեչենը: Ան կը մեղադրուի «ահաբեկչական կառոյցին աջակցելու եւ թաքցնելու յանցանքով»: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»:

Ունկնդրէ լուրը

Ասորական ամէնէն յայտնի եկեղեցւոյ մէջ եօթը տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կիրակնօրեայ պատարագ չէ մատուցուած:

Թուրք իրաւապաշտպանները, ընդդիմադիր գործիչներն ու կազմակերպութիւնները քննադատած են վանականին ձերբակալութիւնը:

Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան, փաստաբան, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ընկերակցութեան փոխնախագահ Էրեն Քեսքին իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է. «Վանականը շրջանին մէջ շատ քիչ թիւով մնացած ասորիներէն մէկն է: Եւ մէկ ներկայացուցչութիւն կայ: Վանականը կ՛ենթարկուի խիստ ճնշումներու, սպառնալիքներու, որովհետեւ կ՛ուզեն (թրքական իշխանութիւնները, «Ա.»), որ ասորիները երթան: 1915 թուականի ոգին ամէնուր է»:

Նշեալ եկեղեցին կառուցուած է 4-րդ դարուն: Այնտեղ թաղուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած Ս. Յակոբ Մծբնացին, որուն անունով ալ կոչուած է եկեղեցին:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2020, 10:10