Որոնել

«Ryanair» ընկերութեան օդանաւ «Ryanair» ընկերութեան օդանաւ 

«Ryanair»ը սկսաւ գործել, իսկ Հայաստան-Իրան թռիչքները պիտի շարունակուին:

«Armenia Airways» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ Երեւան-Թեհրան թռիչքները կանգ պիտի չառնեն, եւ 14 Յունուարին արդէն բնականոն կերպով թռիչք կատարուած է։

Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ վայրէջք կատարեց եւրոպական մեծագոյն՝ «Ryanair» իրլանտական ընկերութեան Միլան-Երեւան թռիչք կատարող օդանաւը, որ այս ընկերութեան առաջինն է Հայաստանի շուկային մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս թռիչքով ժամանած հիւրերը օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան Հայաստանի Քաղաքացիական օդանաւային կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեանի եւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի ղեկավար Սուսաննա Սաֆարեանի կողմէ:

«Armenia Airways» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ Երեւան-Թեհրան թռիչքները կանգ պիտի չառնեն, եւ 14 Յունուարին արդէն բնականոն կերպով թռիչք կատարուած է։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այլեւս վտանգներ չկան՝ ընկերութենէն յայտնեցին. «Նկատի առնելով Հայաստանի Քաղաքացիական աւիացիայի կոմիտէի կողմից արուած վերջին յայտարարութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան օդային տարածքի օգտագործման վերաբերեալ՝ մեր աւիաընկերութիւնը (օդանաւային ընկեութիւնը –Խմբ.) դիմել է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան եւ երաշխիքներ է ստացել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան օդային տարածքում թռիչքուղու անվտանգ շահագործման վերաբերեալ»։

Քաղուած Ասպարէզէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2020, 10:10