Որոնել

Ազգային Մատենադարանը Ազգային Մատենադարանը 

«Մշակութային Ժառանգութիւն. Փորձ եւ Հեռանկարներ Միջազգային Ծիրէն ներս» գիտաժողովը սկսաւ իր աշխատանքները:

Գիտաժողովը տեղի կ՝ունենայ Մատենադարանի մէջ:

«Մշակութային ժառանգութիւն. փորձ եւ հեռանկարներ միջազգային ծիրէն ներս» խորագրով միջազգային համաժողովին ընթացքին, Յունուար 23-24-ին, հայ եւ օտար փորձագէտները պիտի քննարկեն մշակութային ժառանգութեան կառավարման եւ խնամքին, ոլորտի մասնագէտներու վերապատրաստման վերաբերող եւ այլ հարցեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ Armenpress.am-ը։

Գիտաժողովը տեղի կ՝ունենայ Մատենադարանի մէջ: Անիկա հնարաւորութիւն կ՝ընձեռնէ լսելի դարձնելու տարածաշրջանի մասնագէտներուն ձայնը, մտքեր փոխանակելու եւ մշակելու նոր ռազմավարութիւն մշակութային արժէքներու արժեւորման, կառավարման եւ պահպանութեան գործին մէջ, որ իր հերթին խթան կը հանդիսանայ երկրի հասարակական եւ տնտեսական առաջընթացին համար:

«Գիտաժողովի ծիրէն ներս պիտի ծաւալի շատ կարեւոր զրոյց միջազգային մշակութային ժառանգութեան մասին, որովհետեւ իւրաքանչիւր մշակութային գանձ համաշխարհային նշանակութիւն ունի եւ մարդկութեան պատմութեան համար չափազանց կարեւոր է: Նախ եւ առաջ` պիտի ծանօթանանք մասնագէտներու հետ, այնուհետեւ պիտի մշակենք յուշարձաններու արժեւորման, ուսումնասիրման վերաբերող քայլեր»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Նարինէ Խաչատուրեան:

Անդրադառնալով մշակութային ժառանգութեան կառավարման ոլորտի բացերուն` Խաչատուրեան ընդգծած է, որ հիմնական խնդիրները կապուած են օրէնսդրութեան հետ: «Մեր նախարարութիւնը արդէն կը կատարէ որոշակի փուլային փոփոխութիւններ: Ի վերջոյ` այդ յօդուածներն ու կէտերը պիտի քննարկուին Հայաստանի ազգային ժողովէն ներս»,- շեշտած է նախարարի տեղակալը:

ՀՀ-ի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ Տէլ Մոնաքոն, խօսելով գիտաժողովի կարեւորութեան մասին, ընգծած է, որ անիկա համախմբած է հիւրեր Լիբանանէն, Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ: «Թեման, որուն շուրջ կազմակերպուած է ձեռնարկը, միջազգային շրջագիծէ ներս յաճախ կը հնչէ եւ էական նշանակութիւն ունի»,- շեշտած է ան:

Գիտաժողովը կ՝իրականացուի «ՌՕՔԵՄՓ» մշակութային ժառանգութեան կառավարման, պահպանութեան, արժեւորման տարածաշրջանային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, Պոլոնիայի համալսարանի Մշակութային ժառանգութեան բաժանմունքի, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, Համագործակցութեան զարգացման իտալական գործակալութեան աջակցութեամբ:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2020, 08:11