Որոնել

Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան կազմութիւնը արգելակողները Լիբանանի թշնամիներն են»։

«Կոչ կ՛ուղղենք անոնց Աստուծմէ վախնալու եւ իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու` կատարելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ իրենց պարտականութիւնները»:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ Լիբանանի համար մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ նշեց, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին պիտի յայտարարուէր, սակայն ըստ երեւոյթին նախարարաց խորհուրդի կազմութեան հոլովոյթը դարձեալ բախած է արգելքներու, որոնց պատճառով անոր յայտարարութիւնը յետաձգուած է:

Ունկնդրէ լուրը

«Քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած այս վարուելակերպը կը մղէ, որ մեր երիտասարդները մնան փողոցին մէջ եւ հրապարակներուն վրայ, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց զոհողութիւնները: Այս առիթով կ՛ուզեմ յայտարարել, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը խոչընդոտող կողմերը երկիրը կ՛ուզեն աւելի եւս խրել իր ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապին մէջ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան հաստատեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակողները, որոնք Լիբանանէն աւելի կարեւոր կը նկատեն իրենց չափաբաժինները, Լիբանանի թշնամիներն են:

«Կոչ կ՛ուղղենք անոնց Աստուծմէ վախնալու եւ իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու` կատարելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ իրենց պարտականութիւնները», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2020, 08:32