Որոնել

Ռաի Պատրիաքը Ռաի Պատրիաքը 

Ռաի Պատրիարքին կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզը :

«Ինչպէ՞ս Կրնայ Ընթացիկ Հարցերու Կառավարութիւնը Լքել Իր Պատասխանատուութիւնները Եւ Երկիրը Ձգել Փոթորիկներու Դիմաց» Հարց Տուաւ Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ իշխանութիւնները պատասխանատու են Լիբանանի մէջ տիրող այս իրավիճակին:

Ան հաստատեց, որ քաղաքական եւ տնտեսական տագնապները պետութեան թերացումին հետեւանքներն են` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը լքել իր պատասխանատուութիւնները եւ երկիրը ձգել փոթորիկներու դիմաց:

Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ պատասխանատուները ցուցարար երիտասարդներուն հետ կապի մէջ մնան, նախքան անոնց շարժումին քանդիչ յեղափոխութեան վերածուիլը:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2020, 08:58