Իրան ընդունեց Ուքրանական օդանաւին «մարդկային սխալ»-ի մը պատճառով վար առնուիլը։
Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Ալի Շամխանի յայտնեց, որ կարելի չէ ուքրանական օդանաւի արկածին դրդապատճառները թեքնիք առումով թաքցնել` նշելով. «Իսլամական հանրապետութիւնը օդանաւի հարցին առնչակից երկիրներուն անհրաժեշտ պայմանները ապահովեց առանց սահմանափակումներու մասնակցելու հետաքննութիւններուն»:
«Օդանաւի դէպքէն ետք Յեղափոխական պահակագունդի ղեկավարներուն ու անդամներուն տխրութիւնը աննախադէպ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրանեան զինեալ ուժերը իրենք զիրենք այս ազգային աղէտին պատասխանատուն կը նկատեն:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի դէպքը նկատեց «աղէտ» մը եւ «ազգային ողբերգութիւն» մը: Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին նշեց. «Ուքրանական օդանաւին վար առնուիլը մեծ աղէտ մըն է եւ աններելի սխալ մը»:
Իրանեան բանակը յայտնեց, որ ուքրանական օդանաւին վար առնուելուն պատասխանատուները «անմիջապէս» դատարանին առջեւ պիտի կանգնին:
Նշենք, որ Իրան շաբաթ օր խոստովանեցաւ, որ ուքրանական ճամբորդատար օդանաւը «մարդկային սխալ»-ի պատճառով վար առնուած է:
Յիշեցնենք, որ Քիեւ ուղղուող ուքրանական ջախջախուած օդանաւի զոհերուն շարքին էին իրանցիներ, քանատացիներ, ուքրանացիներ, բրիտանացիներ, աֆղաններ եւ շուէտացիներ:
Թեհրանի Մէջ Ցոյցեր
Հազարաւոր ցուցարարներ շաբաթ օր Թեհրանի մէջ ցոյց կատարեցին` պահանջելով հաշուետուութեան ենթարկել ուքրանական օդանաւին վար առնուելուն պատասխանատուները: Ցուցարարներ երէկ եւս փողոց դուրս եկան, սակայն ապահովութեան ուժերը դուրս եկան յաւելեալ ցոյցերը կանխարգիլելու համար:
Երկու կողմերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ շարք մը այլ իրանեան քաղաքներու մէջ: Շարք մը իրանեան օրաթերթեր անդրադարձած են զոհերուն ի յիշատակ շաբաթ գիշերուան հսկումներուն եւ իրենց լուրերը խորագրած` «Ամօթ» եւ «Աններելի»: Կառավարամէտ օրաթերթ մը նաեւ գովաբանած է Իրանի կողմէ գործուած սխալին «անկեղծ» ընդունումը:
Մինչ այդ, Բրիտանիան դատապարտեց Իրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանին ձերբակալութիւնը` զայն նկատելով «միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապ յայտնեց, որ դեսպան Ռապ Մաքէյր ձերբակալուած է ներկայ գտնուելէ ետք հսկումի մը, որ նուիրուած է յիշատակին օդանաւի ջախջախման զոհերուն, որոնցմէ ոմանք բրիտանացիներ են:
Իրան կիրակի օր իր մօտ կանչեց Բրիտանիոյ դեսպանը` բողոքելու համար «ապօրինի հաւաքի մը ներկայ գտնուելու իր արտասովոր վարմունքին դէմ»:
Նշենք, որ երէկ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ:
Քաղուած «Ազդակ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ