Որոնել

Պերլինի մէջ խորհրդաժողով Պերլինի մէջ խորհրդաժողով 

«Պերլինի Խորհրդաժողով»-ը Կը Քննարկէ Լիպիական Տագնապը

Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիպիոյ տագնապի քննարկման նուիրուած «Պերլինի խորհրդաժողով»:

Երէկ Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիպիոյ տագնապի քննարկման նուիրուած «Պերլինի խորհրդաժողով»-ը, որուն կը մասնակցէին 11 պետութիւններ, 3 միջազգային ու շրջանային կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ տագնապին առնչակից կողմերու ղեկավարներ զօր. Խալիֆա Հաֆթարն ու Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Մենք այստեղ ենք ինքնին լիպիացիներուն հանդիպում ունենալու եւ լուծումներ գտնելու համար միջազգային բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու համար» եւ վերանորոգեց իր կոչը «տագնապի ուղղակի կամ անուղղակի բոլոր առնչակից կողմերուն թշնամական արարքներուն գործնական դադրեցում կատարելու եւ զէնքերը լռեցնելու»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտնեց, որ լիպիական երկխօսութեան շարունակութեան նկատմամբ յոյսը տակաւին չէ կորսուած, հակառակ անոր որ Հաֆթար «Մոսկուայի համաձայնութիւն»-ը չէ ստորագրած:

Էրտողան քննադատեց Հաֆթարի այդ քայլը` կոչ ուղղելով զինադադարի իրագործման համար Պերլինի մէջ աւելի մեծ ջանքեր թափելու:

Թուրքիոյ նախագահը Պերլին մեկնելէ առաջ յայտնած էր, որ «Թուրքիան Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան բանալին դարձաւ»` աւելցնելով, որ Լիպիան խաղաղութեան տանող ուղին Թուրքիայէն կ՛անցնի:

Էրտողան «Փոլիթիքօ» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ զգուշացուց Եւրոպան, թէ նոր խնդիրներ ու սպառնալիքներ պիտի դիմագրաւէ, եթէ Լիպիոյ մէջ «օրինական կառավարութիւնը» տապալի:

Լիպիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ լիբանանցի Ղասսան Սալամէ յայտնեց, որ կրնայ հաստատել, որ Սուրիայէն Լիպիա հասած են 1000-2000 զինեալներ:

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է «անձեր եւ մասնագէտներ ուղարկելու` օժանդակելու համար Լիպիոյ մէջ զինադադարի հսկողութեան»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նշեց. «Այն ինչ որ զիս կը մտահոգէ թրքամէտ սուրիացի եւ օտար զինեալներու Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլի հասնիլն է: Ատիկա պէտք է դադրի»:

«Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ ատկէ շահ կ՛ապահովեն, չեն գիտակցիր այն վտանգներուն, որոնց իրենք զիրենք եւ մեզ բոլորս կ՛ենթարկեն», աւելցուց Ֆրանսայի նախագահը:

ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղարը ժողովի աւարտին յայտարարեց, թէ խորհրդաժողովին մասնակիցները հաստատած են, որ Լիպիոյ մէջ տագնապը զինուորական լուծում չունի: «Լիպիոյ մէջ զինադադարի հսկողութիւնը տեղի պիտի ունենայ, երբ հաստատուի, եւ խորհրդաժողովի մասնակիցները ատոր յանձնառու դառնան», ըսաւ ան:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է դէպի Լիպիա զէնքի մատակարարման արգիլման եւ զայն աւելի ուժեղ կերպով հսկելու համապարփակ ծրագիրի մը շուրջ:

«Լիպիոյ մէջ բոլոր խնդիրները մէկ օրուան մէջ չենք կրնար լուծել, սակայն կրնանք զայն յառաջ մղել, եւ գոյութիւն ունի պարտադիր հոլովոյթ մը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք», ըսաւ Մերքել` աւելցնելով, որ Լիպիոյ մէջ զինադադարի շուրջ միացեալ զինուորական յանձնախումբը այս շաբաթ ժողով պիտի գումարէ:

Մերքել ըսաւ, որ զօր. Հաֆթար եւ վարչապետ Սարաժ իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն պատճառով դռնփակ նիստին չեն մասնակցած:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս իր կարգին յայտնեց, որ հիմնուած է Լիպիոյ շուրջ համաձայնութիւններու գործադրութեան երաշխաւորման հարցը հետապնդող յանձնախումբ մը:

«Իրագործեցինք Լիպիոյ շուրջ Պերլինի խորհրդաժողովին մէջ մեր ճշդած նպատակները», նշեց Մաաս:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2020, 08:34