Որոնել

Լիբանան կորսնցուցած է ՄԱԿ-ի որորշումներու մաս կազմելու իրաւունքը։ Լիբանան կորսնցուցած է ՄԱԿ-ի որորշումներու մաս կազմելու իրաւունքը։ 

Լիբանան կորսնցուցած է ՄԱԿ-ի որորշումներու մաս կազմելու իրաւունքը։

Լիբանան այն երկիրներէն է, որ քուէարկութեան իր իրաւունքը կորսնցուցած է` նիւթական իր պարտաւորութիւնները չկատարելու պատճառով:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք շաբաթավերջին յայտարարեց այն երկիրներուն անունները, որոնք ՄԱԿ-ին նիւթական իրենց պարտաւորութիւնները չկատարելու պատճառով կորսնցուցած են ՄԱԿ-ի որոշումներուն մաս կազմելու իրենց իրաւունքը:

Ունկնդրէ լուրը

Ան նշեց, որ նաեւ Լիբանանը մաս կը կազմէ այդ երկիրներուն:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց ՄԱԿ-ի այդ որոշումին համար:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր բոլոր պարտաւորութիւնները կատարած է այդ իմաստով եւ համապատասխան հեղինակութիւնները տեղեակ պահած է, սակայն անոր ջանքերը ապարդիւն դուրս եկած են:

«Անկախ անկէ, թէ ո՞վ է պատասխանատուն` Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնները չկատարելուն, այս վիճակէն տուժողը միայն Լիբանանն է, անոր շահերն են եւ լիբանանեան պետութեան վարկն ու հանգամանքն են: Կը մաղթենք, որ կարելի եղածին չափ շուտ լուծուի այս հարցը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ իր կարգին շեշտեց, որ ինք թելադրած է այսօր առաւօտեան իսկ Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնները կատարել` աւելցնելով, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը այս մասին նախապէս  տեղեակ չէ պահուած, այլ` երէկ առաւօտեան: Աւելի ուշ, արտաքին գործոց նախարարութեան մօտիկ աղբիւրներ պատասխանեցին Ալի Հասան Խալիլի կատարած յայտարարութեան` հաստատելով, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը միշտ կ՛ուշանայ իր նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու առումով:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2020, 08:58