Որոնել

Չինաստանի բնակչութիւնը գերազանցած Է 1,4 միլիառի ցուցանիշը Չինաստանի բնակչութիւնը գերազանցած Է 1,4 միլիառի ցուցանիշը 

Չինաստանի բնակչութիւնը գերազանցած Է 1,4 միլիառի ցուցանիշը

2018 թուականին Չինաստանի բնակչութիւնը աւելցած էր 5,3 միլիոնով:

Չինաստանի բնակչութիւնը, առանց յատուկ վարչական շրջաններու` Հոնկ Քոնկի, Մաքաուի եւ Թայուանի, 2019 թուականի վերջաւորութեան դրութեամբ աւելցած է 4,67 միլիոնով` գերազանցելով 1,4 միլիառի ցուցանիշը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը վկայեն Չինաստանի պետական վիճակագրական գրասենեակին տուեալները:

2018 թուականին Չինաստանի բնակչութիւնը աւելցած էր 5,3 միլիոնով:

2019 թուականին երկրին մէջ արձանագրուած է 14,65 միլիոն նորածին: Նոյն տարին Չինաստանի մէջ մահացած է 9,98 միլիոն մարդ:

Բնակչութեան բնական աճը կազմած է 3,34` հազար մարդու հաշուով: Արական սեռի բնակչութեան թիւը կազմած է 715,27 միլիոն, իսկ իգականինը` 684,78 միլիոն: Բնակչութեան ընդհանուր թիւը հասած է 1 միլիառ 400 միլիոն 50 հազարի:

Քաղաքային բնակչութիւնը մէկ տարուան ընթացքին աճած է 17,06 միլիոնով եւ կազմած 848,43 միլիոն մարդ, մինչդեռ գիւղական բնակչութիւնը նուազած է 12,39 միլիոնով եւ կազմած 551,62 միլիոն մարդ: Քաղաքային բնակչութեան մասնաբաժինը 59,58 առ հարիւրէն աճած է 60,6 առ հարիւրի:

Քաղուած «Ազդակ »էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2020, 09:26