Որոնել

Այբուբէնը Այբուբէնը 

Լեզուի Կոմիտէն աշխատանք կը տանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի լեզուն ուղղելու գծով:

Կոմիտէն մնայուն կերպով կը հետեւի զանգուածային լրատուամիջոցներու, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններու հաղորդումներու լեզուին. մեծ հարցեր կան յատկապէս ֆիլմաշարերու մէջ։

Լեզուի կոմիտէն «Լեզուի մասին» Հայաստանի օրէնքի պահանջներուն կատարումը ապահովելու համար, 2019-ին յարուցեց վարչական իրաւախախտման վերաբերեալ 47 վարոյթ:

Ունկնդրէ լուրը

Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան, օրեր առաջ ունեցած մամուլի ասուլի մը ընթացքին նշեց, որ ոչ հայերէն ձեւաւորումով հրապարակային գրուածքներ արձանագրուած են թէ՛ Երեւանի եւ թէ մարզերուն մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Մեր խնդիրը միայն վարոյթներ յարուցելը չէ, մենք նաեւ աշխուժօրէն կ՝իրազեկենք, կը տեղեկացնենք, կանխարգելիչ քայլեր կ՝իրականացնենք: Կոմիտէն իրազեկող 98 գրութիւն ուղարկած է պետական մարմիններուն եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն: Շատերը մինչեւ դատական գործը սկսիլը արդէն շտկումներ կ՝ընեն»,- յայտնեց Գիւրջինեան ։

Կոմիտէն մնայուն կերպով կը հետեւի զանգուածային լրատուամիջոցներու, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններու հաղորդումներու լեզուին. մեծ հարցեր կան յատկապէս ֆիլմաշարերու մէջ։

«Մենք դեռ դժգոհ ենք շատ հեռուստառատիոընկերութիւններու աշխատանքէն, որովհետեւ լեզուական աշխատանք կ՝ընեն մարդիկ, որոնք ներքին շահագրգռուածութիւն չունին գործին նկատմամբ: Մեր խնդիրներէն մէկն է այդ կարեւորութեան գիտակցումը տեղ հասցնելը: Հասկնալի չէ՞, որ կարելի չէ փողոցի լեզուն կիրառել եթերով»,- դիտել տուաւ Դաւիթ Գիւրջինեան։

Կոմիտէն բաւական աշխոյժ է ելեկտրոնային հարթակներու վրայ: Նախորդ տարի սկսաւ գործել langcom.am եւ լեզվիկոմիտե.հայ հասցէներով կայքը: Կը գործեն կոմիտէին «Ֆէյսպուք»-ի, «Թուիթըր»-ի եւ «ԵուԹիուպ»-ի էջերը։

Կոմիտէն աշխոյժ է նաեւ յորդորակներու հրապարկման եւ տարածման առումով՝ նպատակ ունենալով հանրութիւնը  իրազեկ դարձնել լեզուական սխալներուն մասին: Կոմիտէն նախորդ տարի հրապարակած էր հայերէնի գործածութեան, կանոնարկման եւ լեզուական այլ հարցերու վերաբերող 25 յորդորակներ՝ ուղղուած հանրութեան, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, հիմնարկներուն, կազմակերպութիւններուն եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։ Օտար բառերու հայերէն համարժեքները կանոնարկելու նպատակով կը հրապարակուի «Օտար բառերի հայերէն փոխարժէքները» յորդորակներու շարքը։ Կազմուած են 11 այդպիսի յորդորակներ եւ ներկայացուած 373 օտար բառերու հայերէն համարժէքները։

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2020, 08:44