Որոնել

Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման արարողութենէն առնուած լուսանկար Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման արարողութենէն առնուած լուսանկար 

Նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման:

Իր գործունէութեան 50 տարիներուն Տաւոսի տարեկան հանդիպումը դարձած է աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ բարձր մակարդակի հաւաքներէն մէկը,

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման, որ այս տարի տեղի ունեցաւ «Շահագրգիռ կողմերը` յանուն աշխարհի համախմբման եւ կայունութեան» խորագիրով:

Իր գործունէութեան 50 տարիներուն Տաւոսի տարեկան հանդիպումը դարձած է աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ բարձր մակարդակի հաւաքներէն մէկը, որ ամէն տարի կը համախմբէ պետութիւններու, կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, գործարար հանրութեան ներկայացուցիչներ ու հեղինակաւոր փորձագէտներ` քննարկելու համաշխարհային, շրջանային եւ արդիւնաբերական օրակարգեր, լուծումներ առաջարկելու առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ: Ֆորումին այս տարի կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ շուրջ 700 բանախօսներ եւ աւելի քան 3000 մասնակիցներ: Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի 2020 թուականի հանդիպումը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի հիմնադիր եւ նախագահ փրոֆ. Քլաուս Շուապ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան իբրեւ բանախօս մասնակցեցաւ նաեւ «Հաւասարակշռելով ներքին եւ համաշխարհային անհաւասարութիւնը» նիւթով քննարկման, նաեւ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տաւոսի համաժողովի ծիրին մէջ գումարուող 26-րդ տարեկան «Քրիսթըլ Ըուորտ» մրցանակաբաշխութեան: Տաւոսի ֆորումի 50-րդ տարեկան հանդիպման բացման առիթով կազմակերպուած համերգին միասնութեան եւ ուրախութեան միջազգային կոչով հանդէս եկաւ Եւրոպական Միութեան պատանեկան նուագախումբը` Սան Փաուլոյի սիմֆոնիք նուագախումբին, երգչախումբին եւ մենակատարներուն մասնակցութեամբ:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2020, 09:21