Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նուիրատուութիւնը Լիբանանահայութեան։
Ամենայն Հայոց ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. կաթողիկոս 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին, որպէսզի տրամադրուի լիբանանեան տագնապի յաղթահարման կարիքներուն:
Այս առիթով, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց ըսելով. «Մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նորին սրբութեան այս զօրակցութեան համար, երբ մանաւանդ այս փուլին Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապին պատճառով լիբանանահայութիւնը եւս կ՛ապրի ծանր օրեր: Կը հաւատանք, որ մեր բոլորին համատեղ ջանքերով այս դժուար պայմաններէն յաղթական դուրս պիտի գանք եւ պիտի շարունակենք մեր հայապահպանման եկեղեցանուէր, ազգաշէն եւ հայրենակերտ առաքելութիւնը»:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ