Որոնել

ՄԱԿի Մէջ հնչեց Կոմիտասի երաժշտութիւնը ՄԱԿի Մէջ հնչեց Կոմիտասի երաժշտութիւնը 

ՄԱԿի Մէջ հնչեց Կոմիտասի երաժշտութիւնը եւ քննարկուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան հարցը

«Հայ ազգը Ցեղասպանութեան սարսափներու մէջէն անցած է 20րդ դարուն սկիզբը. ուստի, Հայաստանը ունի յատուկ պարտաւորութիւն միաւորելու ցեղասպանութեան յանցանքի կանխման ջանքերը»,

ՄԱԿ, «Ամերիկայի Ձայն».- Կոմիտասի երաժշտութեամբ սկսաւ Նիւ Եորքի ՄԱԿի գրասենեակին մէջ Հայաստանի առաքելութեան կողմէ նախաձեռնուած Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ կրթութեան նուիրուած համաժողովը:

«Հայ ազգը Ցեղասպանութեան սարսափներու մէջէն անցած է 20րդ դարուն սկիզբը. ուստի, Հայաստանը ունի յատուկ պարտաւորութիւն միաւորելու ցեղասպանութեան յանցանքի կանխման ջանքերը», ընդգծեց ՄԱԿի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան:

Ցեղասպանութեան իրականացման կը նախորդեն իրադարձութիւններ, որոնց ընթացքին ճնշման կ՛ենթարկուին երկրին խոցելի խումբերու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները, նշեց Մարգարեան:

Համաժողովը վարող Պատասխանատուութեան եւ պաշտպանութեան համաշխարհային կեդրոնի տնօրէն Սայմըն Էտըմզ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրինակին՝ յիշեցնելով, որ գրեթէ չորս ամիսէն պիտի լրանայ 105րդ տարելիցը, երբ «24 Ապրիլ 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ սկսան հայերու թիրախաւորուած սպանութիւնները»՝ աւելցնելով. «Այս գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ոչնչացացան առաւել քան մէկ ու կէս միլիոն կեանքեր: Միացեալ Թագաւորութիւնը, Ֆրանսան եւ Ռուսիան Մայիս 1915ին մեղադրեցին Օսմանեան կայսրութիւնը՝ մարդկութեան դէմ յանցանք գործելու յանցանքով. այդ առաջին անգամն էր, որ այդ եզրը օգտագործուեցաւ՝ իբրեւ դաժանութիւններու ծաւալը բնութագրելու փորձ»:

Ըստ գիտնականներու եւ հոգեբաններու՝ ցեղասպանութեան ժխտումը ոչ միայն անարգանք է ցեղասպանութեան զոհերուն նկատմամբ, այլ նաեւ ճանապարհ կը բանայ յաջորդ ցեղասպանութեան համար:

«Երբ ուսանողներս կը կարդան Ռան Սիւնիի ստեղծագործութիւնները, անոնք կը սարսափին եւ կը ցնցուին, երբ կ՛իմանան բռնութիւններուն մասին, որոնց ենթարկուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան հայ համայնքը եւ անոնք բացատրութիւն կը պահանջեն», ըսաւ Նիւ Եորքի համալսարանի պատմութեան դասախօս Էրիք Ուայթց:

Համաժողովին ներկայ ՄԱԿի մօտ Թուրքիոյ առաքելութեան աշխատակիցը այս ամէնը լսելով՝ ձայնի իրաւունք խնդրեց՝ յայտարարելով, որ համաշխարհային Ա. Պատերազմի տարիները Օսմանեան կայսրութեան համար բարդ շրջան էին, որուն ընթացքին տառապած են կայսրութեան բոլոր քաղաքացիները. «Մարդկութեան պարտքն է հաստատել, որ հայերը տառապած են ճիշդ նոյնքան, որքան Օսմանեան կայսրութեան միւս քաղաքացիները եւ Թուրքիոյ մէջ տարբեր կարծիքներ արտայայտելը 1915ի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ժողովրդավարութեան մշակոյթի մասն է, սակայն, 1915ի իրադարձութիւնները օգտագործել իբրեւ Թուրքիոյ դէմ թշնամութեան արտայայտման պատրուակ եւ այս հարցը քաղաքական հակամարտութեան հարց դարձնելը անընդունելի է»:

Իբրեւ պատասխան՝ Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող գիտնականներու միջազգային ընկերակցութեան ղեկավար Հենրի Թերիօ ըսաւ, որ այսօր, նկատի ունենալով բոլոր հետազօտութիւնները, Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման նոյնիսկ քննարկումնը անիմաստ է. «Վերջին 50 տարիներուն ընթացքին ես չէի լսած Հայոց Ցեղասպանութեան այսպիսի ուղղակի հերքում: Շնորհակալութիւն զայն պատկերաւոր կերպով ցուցադրելուն համար: Սակայն խորհուրդ պիտի տայի թարմացնել ձեր գրականութիւնը, անիկա շուրջ 30 տարիով հինցած է: Ձեր կողմէ բերուած փաստարկները բազմիցս եւ վաղուց հերքուած են, այնպէս որ կոչ կ՛ընէի քիչ մը աշխատանք կատարել, որպէսզի ձեր ըսածը բովանդակութիւն ունենայ: Ըսեմ նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ մարդիկ, կիրթ, զարգացածներ, ամբողջական կերպով ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց հակառակ ձեր յայտարարութեան, անոնցմէ շատերը բանտարկուած են հիմա կամ նախապէս՝ պարզապէս Ցեղասպանութիւնը ճանչնալնուն համար»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2019, 08:08