Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Վենետիկ քաղաքին եւ անոր բնակչութեան. Իտալիոյ մէջ ՀՀ Դեսպանութիւն
«Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Վենետիկ քաղաքին եւ անոր բնակչութեան:
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ:
Դեսպանատան Facebook-ի էջին նշուած է հետեւեալը.
«Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Վենետիկ քաղաքին եւ անոր բնակչութեան:
Քաղաք-թանգարան Վենետիկը համաշխարհային ժառանգութեան թանկարժէք գանձ է, ուր իր ուրոյն տեղը ունին նաեւ հայկական հոգեւոր, գիտակրթական եւ մշակութային ժառանգութեան մարգարիտները:
Ուշադրութեամբ կը հետեւինք ստացուող լուրերուն եւ յոյսով ենք, որ ներդրուող ջանքերուն շնորհիւ Վենետիկին պատուհասած բնական աղէտին հետեւանքները հնարաւորինս պիտի մեղմուին։
Քեզ հետ ենք, Վենետիկ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
16/11/2019, 08:19