Որոնել

Ծիծեռնակաբերդ Ծիծեռնակաբերդ 

Ճանաչումը ուժ է, այլ ոչ տկարութիւն. ՀՀ Նախագահը NYT-ի հետ խօսած է ցեղասպանութեան ճանաչման մասին

«Ճանաչումը այն փաստի, որ որեւէ բան սխալ ըրած ես հասարակ կեանքի մէջ, ընտանիքի մէջ, ընկերներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ, ուժ է: Ատիկա տկարութեան նշան չի կրնար համարուիլ»

Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միեւնոյն ժամանակ պիտի ըլլայ ճանաչումը այն փաստի, որ այդ երկիրը հանդուրժող պետութիւն դառնալու ճանապարհին է: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսած է The New York Times պարբերականի լրագրող Ռոժէ Գոհենին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Ունկնդրէ լուրը

«Ճանաչումը այն փաստի, որ որեւէ բան սխալ ըրած ես հասարակ կեանքի մէջ, ընտանիքի մէջ, ընկերներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ, ուժ է: Ատիկա տկարութեան նշան չի կրնար համարուիլ»,- նշած է Արմէն Սարգսեան՝ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ու այս հարցով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան:

Լրագրող Ռոժէ Գոհեն The New York Times-ի մէջ հրապարակած է ծաւալուն յօդուած մը, ուր անդրադարձած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման փաստին:

«Հայաստանի բոլոր գրասենեակներուն մէջ կրնաս տեսնել Արարատի նկարները: Լեռը, որ այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ, խորհրդանիշն է հայերու կարօտի, հպարտութեան, վերադարձի յոյսի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան, որ սկսաւ 1915 թուականին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ սպաննուեցան աւելի քան մէկ միլիոն հայեր: Այս շաբաթ Ներկայացուցիչներու պալատը, անտեսելով թրքական նախազգուշացումները, ընդունեց այդ ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Նախագահ Պարաք Օպաման այդպէս ալ չճանչցաւ զայն, թէեւ 2008 թուականին իբրեւ նախագահի թեկնածու խոստացած էր: Քաղաքականութիւնը յաղթեց անոր սկզբունքներուն»,- գրած է Գոհեն:

Յօդուածագիրը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առաջացման պատմութեան՝ արձանագրելով, որ այսօր Հայաստանը փակ սահմաններ ունի Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ եւ բաց են միայն Վրաստանի ու Իրանի հետ սահմանները: «Այդուհանդերձ, ես հայերը տեսայ անկոտրում ոգիով: Ի՞նչ նշանակութիւն կրնան այսօր ունենալ ֆիզիքական սահմանները: Հայաստանի շուրջ երեք միլիոն քաղաքացիները մշտական կապի մէջ են Սփիւռքի քանի մը անգամ աւելի հայերուն հետ, որոնք մշտապէս գումարներ կ՝ուղարկեն հայրենիք: Ունենալով ուժեղ գիտարուեստական հատուած՝ Հայաստանը ինքզինք կը համարէ նորսկսկնակ երկիր: Երկրի հայեացքը աւելի շատ ուղղուած է ապագային, այլ ոչ թէ անցեալին:

Երկրին մէջ 2018 թուականին իրականացուած յեղափոխութիւնը, որուն ժամանակ ոչ մէկ կաթիլ արիւն թափուեցաւ, դրախտ չբերաւ, սակայն անիկա վերացրեց ճակատագրականութիւնը: Մարդիկ կը զգան, որ ունին ազատութիւն ընելու այն, ինչ կ՝ուզեն»,- գրած է հեղինակը՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ շաբաթներ շարունակ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն նման Պէյրութի, Պաղտատի եւ Սանթեակոյի մէջ եւս վերջին շաբաթներուն ընթացքին ցոյցեր սկսան, որոնց հետեւանքով ցնցուեցան կառավարութիւններու հիմքերը, իսկ որոշ դէպքերու հրաժարականներու պատճառ դարձան:

«Պեռլինեան պատը քանդած ոգին կը շարունակէ ապրիլ» խորագիրը կրող յօդուածին հեղինակը Հայաստանի նախագահին հետ զրոյցին ընթացքին  անդրադարձած է ողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու ալիքին: Խօսելով թեմային մասին՝ Արմէն Սարգսեան նշած է, որ հին համակարգերը մեր օրերուն այլեւս չեն աշխատիր: «Մենք կ՝ապրինք քանակական աշխարհի մէջ, քանի որ մեր կեանքի աւելի քան կէսը արդէն վերացական է»,- ըսած է նախագահը՝ Հայաստանը անուանելով աշխարհի «առաջին տարրալուծարաններէն մէկը», որ պիտի փնտռէ «վարքագծի նոր կանոններ»ը այն աշխարհի համար, ուր ամէն անհատ ունի ձայն, որ «կրնայ լսելի դարձնել ամէն օր»:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2019, 08:28