Որոնել

Գաղթական մանուկներէ առնուած լուսանկար Գաղթական մանուկներէ առնուած լուսանկար 

ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի ահազանգը:

Սուրիոյ Հիւսիսարեւելեան շրջանէն տեղահանուած են աւելի քան 28 հազար մանուկներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրիոյ Հիւսիսարեւելեան շրջանէն ներս տեղի ունեցող հակամարտութիւններուն հետեւանքով ,աւելի քան 28 հազար մանուկներ  բռնած են գաղթի ճամբան:

Ազգային պետութիւնները պէտք են ոչ մի ջանք խնայել մանուկները իրենց ծնողներուն վերադարձնելու համար, անոնց ապահով կեանք եւ չարաշահումներէ հեռու  կեանք Երաշխաւորելով:  Այս եղած  ՄԱԿի- մանուկներուն պաշտպանութեան գրասենեակի տնօրէն՝ Հէնրիեթթա Ֆորի կոչը:

Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի մէջ գրեթէ 28 հազար մանուկներ շրջապատուած ու անշարժ կեանքի մատնուած են  որոնց մեծամասնութիւնը կը գտնուին գաղթավայրերուն մէջ:  Գրեթէ 20 հազար մանուկներ Իրաքէն Սուրիա ժամանած  են:

Մանուկներուն 80 տոկոսը 12 տարեկան են իսկ 50 տոկոսը 5 տարեկան:

Շատեր այդ մանուկներէն կալանքի տակ կը գտնուին ահաբեկչական խումբերու հետ կապ ունենալու մեղադրանքով:  Այս մասիս յայտարարած է  Մանուկներուն պաշտպանութեան Իտալիոյ պատգամաբեր, Տիար Անտրէա Իաքիմոնի հաստատելով թէ  այդ մանուկները գաղթականներ են որուն Սուրիա սահմանամերձ երկիրներէն::

Ան ապա նշած թէ այժմ միայն 17 երկիներ, 650 մանուկներու երաշխաւորած են անոնց տուն դարձը ու անոնք կը գտնուին իրենց ընտանիքներուն մօտ: Հետեւաբար Մանուկներուն պաշտպանութեան Իտալիոյ պատգամաբերը  կոչ ուղղած է  այլ պետութիւններուն,իրենք եւս աշխատանք տանին, մանուկները իրենց տուները վերադարձնելու համար: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2019, 09:09