Որոնել

Մեսրոպ Մաշտոց ազգային մատենադարանը Մեսրոպ Մաշտոց ազգային մատենադարանը 

«Կրթութիւն բոլորի Համար» Միջազգային ցանցի համաժողովը՝ Երեւանի մէջ:

Երեւանեան եռօրեայ համաժողովի մասնակիցները պիտի քննարկեն՝ ինչպէ՞ս նախապատրաստել երեխաները` մարտահրաւէր նետելու առկայ իրավիճակին:

Հոկտեմբեր 21-ին Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ «Կրթութիւն Բոլորի Համար» (Teach For All) միջազգային ցանցի ամենամեայ համաժողովը: Այս տարուան համաժողովի կազմակերպողներն են «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» (Teach For Armenia) կրթական հիմնադրամը եւ «Կրթութիւն Բոլորի Համար» միջազգային ցանցը։ Համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի 75 երկրէ եկած մօտ 450 ներկայացուցիչ: Այս մասին կը հաղորդէ “Թորոնթոհայ”-ը։

Ունկնդրէ լուրը

Երեւանեան եռօրեայ համաժողովի մասնակիցները պիտի քննարկեն՝  ինչպէ՞ս նախապատրաստել երեխաները` մարտահրաւէր նետելու առկայ իրավիճակին եւ վերաձեւաւորելու մեր յարափոփոխ աշխարհը` գիտելիքի եւ փորձի շնորհիւ:

Համաժողովի բացման խօսքին մէջ «Կրթութիւն Բոլորի Համար» միջազգային ցանցի գործադիր տնօրէն եւ համահիմնադիր Ուենտի Քոփ (Wendy Kopp), ողջունելով ներկաները, նշեց, որ ներկայ կեանքին մէջ առկայ են ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական բազմաթիւ խրթին մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն համաշխարհային հաւաքական լուծումներ:

«Մենք այդ ամէնէն եզրակացուցինք, որ այսօրուան աշակերտները պէտք է մեծնան որպէս առաջնորդ եւ ունենան որոշակի մտածելակերպ ու հմտութիւններ: Փոփոխուող տնտեսութեան մէջ անոնք պէտք է կարենան լուծել խնդիրները, որոնք օրէ օր աւելի կը բարդանան եւ կերտեն աւելի պայծառ ապագայ», նշեց Քոփ:

«Շատ երկիրներ այսօր ճգնաժամի մէջ են, որովհետեւ մենք չենք չգիտեր` ինչպիսին պէտք է ըլլայ կրթութիւնը, որ երեխային տայ այն, ինչ անոր անհրաժեշտ է, որ կարեւոր է աւելի հասուն տարիքին ազատ, անկախ ըլլալու, ներուժը ամբողջութեամբ բացայայտելու համար: Չեմ կրնար ըսել, որ այստեղ ներկայ գտնուողներէն ոեւէ մէկը գիտէ այդ հարցումին յստակ պատասխանը, բայց մենք ունինք Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հետաքրքրական փորձը, պատմութիւնները, ծրագիրները: Այս հարցերը պէտք չէ քննարկուին միայն նախարարութիւններու ու գրասենեակներու մէջ, այլեւ մեր համայնքներուն մէջ: Սովորաբար կը մտածենք, որ մենք պէտք է համայնքներուն սորվեցնենք, մինչդեռ շատ կարեւոր է սորվիլ համայնքներէն», «Մետիամաքս»ի հարցումին պատասխանելով ըսաւ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»ի հիմնադիր եւ ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեան:

Բացման արարողութեան ներկայ եղաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ գործնական հարցազրոյց մը տուաւ Լոռի մարզի Ստեփանաւան քաղաքէն համաժողովի մասնակից 11-րդ դասարանի աշակերտ Էդիկ Նազարեանին: Հարցուպատասխանի ընթացքին վարչապետը խօսեցաւ իր ծննդավայրին` Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքին մասին, անդրադարձաւ իր ստացած կրթութեան եւ ընդգծեց կրթութեան կարեւորութիւնը, որպէս շարունակական գործընթաց:

«Ինծի համար կրթութիւնը շարունակական գործընթաց է, եւ այդ է պատճառը, որ հիմա մենք կը քննարկենք մեր երկրի ռազմավարական տեսլականը: Այնտեղ կէտ մը ունինք եւ յոյս ունինք ատիկա մեր երկրի համար իրականութիւն դարձնել։ Ատիկա կը ձեւակերպենք հետեւեալ ձեւով` կրթութիւնը դարձնել ազգային ապրելակերպ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Մարդու կրթութիւնը պէտք է շարունակուի ողջ կեանքի ընթացքին: Ես նաեւ այսպիսի կարգախօս առաջարկած եմ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին կրթական, զարգացման մակարդակը ամէն յաջորդ օր թէկուզ քիչ մը աւելի բարձր պէտք է ըլլայ, քան նախորդ օրը», նշեց վարչապետը:

Համաժողովին կը մասնակցի նաեւ «Լաւագոյն Ուսուցիչ» մրցանակաբաշխութեան այս տարուան դափնեկիր Փիթըր Թապիչին (Peter Tabichi)` իր աշակերտուհիին հետ: Քէնիայի Նաքուրու քաղաքի դպրոցներէն մէկուն մէջ գիտութիւն դասաւանդող Թապիչին ըսաւ, որ ուսուցիչին համար ամենակարեւորը աշակերտին կարողութիւններուն հաւատալն է ու անոր հետ սերտօրէն համագործակցիլը:

Նշենք, որ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագիրը, որ «Կրթութիւն Բոլորի Համար» ցանցի 50 անդամներէն մէկն է, աշխատանք կը տանի Հայաստանի 7 մարզու եւ Արցախի մէջ։ Ան  գործունէութեան 5 տարիներու ընթացքին իր ուսուցիչ-առաջնորդներու օգնութեամբ կը փորձէ կրթական հաւասար հնարաւորութիւններ ապահովել Հայաստանի հեռաւոր համայնքներու երեխաներուն համար: Համաժողովի մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ Հայաստանի 30 գիւղեր։

Քաղուած Եռագոյնէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2019, 11:35