Որոնել

Կոմիտաս Վարդապետ Կոմիտաս Վարդապետ 

Կոմիտասի ծննդեան Յոբելեանին առթիւ ձեռնարկներ։

Կոմիտաս վարդապետի հոգիի խաղաղութեան համար աղօթք հնչեցուց Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

Կոմիտասի 150ամեայ յոբելեանին առիթով Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը վարդապետին ծննդեան օրը՝ 26 Սեպտեմբերին, ներկայացուց մեծ յօրինողին նուիրուած արծաթէ յուշադրամը:

Ունկնդրէ լուրը

«Մենք չէինք կարող անմասն մնալ մեծն Կոմիտասի 150ամեակին նուիրուած միջոցառումներից», յայտնած է այս առթիւ  դրամատան գլխաւոր քարտուղար Դաւիթ Նահապետեան որ ապա Կեդրոնական դրամատան կողմէ արծաթէ յուշադրամի նմուշ մը նուիրեց Կոմիտասի թանգարանին եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա կը հարստացնէ թանգարանին հաւաքածոն:

Նշենք թէ 26 սեպտեմբերին Երեւանի Մեթրոյի կայարաններուն մէջ  հնչեցին Կոմիտաս վարդապետի դաշնամուրային գործերը, խմբերգերն ու մեներգները: 

Հուսկ Մեծն Կոմիտասի ծննդեան օրը` խումբ մը պետական այրեր, հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ արուեստասէրներ այցելեցին Կոմիտասի անուան այգի- պանթէոն` ծաղիկներ խոնարհելով հայ երգահանին շիրիմին: Այնուհետեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

Կոմիտաս վարդապետի հոգիի խաղաղութեան համար աղօթք հնչեցուց Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

«Կոմիտաս վարդապետը արդէն շուրջ մէկ դար իր հայրենաբոյր եւ սրբազան երգով հատած է ժամանակի եւ տարածութեան սահմանները` հայկական ինքնութեան արմատներէն սնուող ու արդիւնաւորուող ստեղծագործութեամբ դառնալով զրուցակիցը հայ եւ այլազգի երաժշտասէր իւրաքանչիւր անձի հոգիի ապրումներուն»,- ըսած է Վեհափառը:

Ան ընդգծած է, որ Կոմիտաս Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի հանդէպ իր անսասան հաւատքով մաքրեց ու հայացուց մեր երգը, ստեղծեց այն հոգեւոր պարարտ անդաստանը, ուր հայը յաւիտենապէս կը ճանչնայ իր հոգեւոր «ես»-ը, կ՛առերեսուի դարերու խորքէն հնչող հայրապետներու ու վարդապետներու նուիրական աղօթքին, հայրենաշունչ եւ խրոխտ նախնեաց զգացումներուն, շինականի անկեղծ ու ստեղծագործ հորովելին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2019, 08:13