Որոնել

Միացեալ Նահանգներուն մէջ Կրօնական ազատութիւններու նուիրուած համաժողով Միացեալ Նահանգներուն մէջ Կրօնական ազատութիւններու նուիրուած համաժողով 

Հայաստան կը մասնակցի Ուաշինկթընի կրօնական ազատութիւններուն նուիրուած համաժողովին

Կրօնական հետապնդումներ եւ յարձակումներ վերապրածները հանդէս եկան վկայութիւններով:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Ուաշինկթընի մէջ, շուրջ հարիւր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ՝ կրօնական հետապնդումներ եւ յարձակումներ վերապրածներու հետ, կը մասնակցին Կրօնական ազատութիւններուն նուիրուած համաժողովին: Մասնակցողներուն շարքին է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ հանդէս պիտի գայ ելոյթով:

17 Յուլիսին, Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքերի հետ, քննարկելով Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու՝ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցեր:
Վերոյիշեալ համաժողովին հիմնական նպատակն է՝ համախմբել տարբեր դաւանանքի գործիչներ՝ ընդդէմ կրօնական հետապնդումներու եւ յարձակումներու:

Կրօնական հետապնդումներ եւ յարձակումներ վերապրածները հանդէս եկան վկայութիւններով:

«Պատմութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնները մեզի կը սորվեցնեն, որ ժամանակ առ ժամանակ տեղի կ՛ունենան ցեղասպանական գործողութիւններ», յայտարարեց եզիտի իրաւապաշտպան Նատիա Մուրատ, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ գերի առնուած էր հիւսիսային Իրաքի մէջ:

Սրի Լանքայի մէջ Ս. Զատիկի օրերուն քրիստոնէական եկեղեցւոյ վրայ յարձակումէն վերապրած Եամինի Ռաւիտրա նշեց, որ յարձակումէն ետք իրենց քրիստոնեայ համայնքը կ՛ապրի վախի մթնոլորտի մէջ: Մէկ այլ վերապրած՝ Ֆարիտ Ահմետ, որուն կինը զոհուած է Նոր Զելանտիայի մէջ մզկիթի մը վրայ յարձակման ընթացքին, նշեց, որ իր կրօնը իրեն սորվեցուցած է ներել մարդասպանները:
Կրօնական հողի վրայ յարձակումներ վերապրածները կ՛ընդգծեն, որ ողբերգութիւնը միաւորած է զիրենք՝ ընդդէմ ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան:

Քաղուած Ասպարէզ կայքէն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2019, 12:20